Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտնեց. «Մերսինի եւ Իսթիքլալ թաղի ահաբեկչական գործողութիւնները կատարուեցան հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեժ քաղաքէն տրուած հրամաններով»:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թուրք պաշտօնատար մը քանի մը օր առաջ ըսած է, թէ Թուրքիան հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի զինեալներու դէմ գործողութեան աւարտէն եւ Պոլսոյ մէջ մահաբեր պայթումէն ետք մտադիր է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածել:
«Այս տարուան ընթացքին 18 անձնասպանական գործողութիւն կանխարգիլուեցաւ», նշեց Սոյլու` աւելցնելով. «Ահաբեկչութեան դէմ Անգարայի ճակատամարտը կը շարունակուի, եւ ահաբեկչութեան աղբիւրը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, կը քանդուի»:
Յիշեցնենք, որ անցեալ կիրակի Պոլսոյ հռչակաւոր Թաքսիմ հրապարակին մօտ գտնուող Իսթիքլալ փողոցին մէջ ական մը պայթեցաւ` պատճառելով 6 զոհ եւ 81 վիրաւոր:
Թրքական իշխանութիւնները յայտնեցին, որ ականը զետեղուած էր սուրիական քաղաքացիութեան տէր կնկայ մը կողմէ, որ անդամ է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ): Քրտական խմբաւորումները հերքեցին իրենց մեղսակցութիւնը:


