Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեհաստանի Մէջ Ուքրանական Հրթիռի Պատմութիւնը ՕԹԱՆ-ի Վերջի Սկիզբն Է» Կ՛ըսէ Վոլոտին

November 19, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին յայտնեց. «Լեհաստանի մէջ ուքրանական հրթիռի պատմութիւնը Քիեւի օգնութեամբ անգամ մը եւս աշխարհին ցոյց տուաւ այս դաշինքին անկարողութիւնն ու ձախողութիւնը, եւ ասիկա ՕԹԱՆ-ի վերջի սկիզբն է»:

Նշենք, որ Լեհաստանի նախագահ Անտրիէ Տոտա հինգշաբթի գիշեր յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները չեն կրնար մասնակցիլ 15 նոյեմբերին Լեհաստանի հողերուն վրայ ինկած հրթիռի հարցին շուրջ հետաքննութեան, սակայն աւելցուց, որ անոնք կրնան «ծանօթանալ հետաքննութեան ընթացքին»:

Միւս կողմէ, «Ֆորպզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան խումբ մը հանրապետական անդամներ օրինագիծ ներկայացուցած են ռուս-ուքրանական պատերազմին մէջ Քիեւին տրամադրուած օգնութեան հաշուեքննութիւն կատարելու վերաբերեալ: Այս մասին նշուած է հանրապետական Թէյլըր Կրինի թուիթըրեան էջին վրայ: Վերջինս Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին խոստացած էր Ուքրանիոյ «ոչ իսկ մէկ սենթ» տալ:

Անոր կողքին օրինագիծին թեր արտայայտուած են անոր կուսակիցներէն 10-ը: Անոնք պաշտպանութեան նախարարութենէն եւ արտաքին գործոց նախարարութենէն 20 յունուարէն 15 նոյեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին Քիեւին օգնութիւն ցուցաբերելու վրայ փաստաթուղթեր խնդրած են:

«Կը կարծեմ, որ ամերիկացի ժողովուրդը եւ այս երկրի հարկատուները արժանի են գիտնալու, թէ Պայտընի վարչակազմը եւ այս Քոնկրեսը ինչո՛ւ այդքան շահագրգռուած ֆինանսաւորած են Ուքրանիոյ սահմանային անվտանգութիւնը եւ ոչ թէ մեր սահմանային անվտանգութիւնը», ըսած է ան:

Հանրապետական քոնկրեսականը նշած է, որ պիտի պահանջէ «հաշուեքննութիւն սկսիլ ամերիկացի հարկատուներու` այս կամ այն ձեւով Ուքրանիա փոխանցուած իւրաքանչիւր տոլարին նկատմամբ»:

15 նոյեմբերին, Պայտընի վարչակազմը Քոնկրեսէն խնդրած է Ուքրանիոյ համար լրացուցիչ միջոցներ տրամադրել 37,7 միլիառ տոլարի չափով: Յայտնի է, որ ընթացիկ տարուան մէջ Քոնկրեսը Ուքրանիոյ ընդհանուր առմամբ յատկացուցած է աւելի քան 65 միլիառ տոլար:

Նշենք, որ Ֆրանչիսկոս պապը երէկ յայտարարեց. «Վատիկանը պատրաստ է Ուքրանիոյ տագնապին վերջ տալու համար միջնորդութիւն կատարելու»:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Խորհրդաժողովը Ամփոփեց Իր Աշխատանքները

Յաջորդը

Էրտողան Եւ Նեթանիահու Համաձայնեցան Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Նոր Ժամանակաշրջան Սկսիլ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.