Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Անոնք քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդումը: Կանց շնորհակալութիւն յայտնած է իր պաշտօնակիցին` Թել Աւիւի մէջ դեսպանատուն բանալու Ազրպէյճանի որոշումին համար:
Իսրայէլի գործող վարչապետ Եայիր Լափիտ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը կ՛ողջունէ Իսրայէլի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուն բանալու որոշումը` զայն նկատելով պատմական որոշում:
«Ազրպէյճանը Իսրայէլի կարեւոր գործընկերն է: Այս նշանակալից որոշումը կ՛ընդգծէ երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող խորութիւնը», նշուած է Լափիտի գրառման մէջ:
Իսրայէլի վարչապետը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին տրուած որոշումին համար` նշելով. «Շնորհակալութիւն ձեր ղեկավարութեան համար»:
Ազրպէյճանի խորհրդարանի օրակարգին վրայ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալու որոշումի մասին նախագիծի որդեգրումը, ըստ ազրպէյճանցի երեսփոխան Սամետ Սէյիտովի, եղած է Իլհամ Ալիեւի նախաձեռնութիւնը:


