Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց, որ Իրանին ուղղուած ամբաստանութիւնները, թէ մտադիր է Ազրպէյճանի դէմ պատերազմ շղթայազերծել, «կեղծ մեղադրանքներ» են:
Վիլայեթի իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրան մտադիր չէ Կովկասի մէջ դրացի որեւէ երկրի կամ որեւէ այլ երկրի դէմ յարձակում գործել, եւ երբեք դրացի երկրի մը նկատմամբ ախորժակներ չէ ունեցած, ընդհակառակն, միշտ ալ մտածած է լաւ յարաբերութիւններու հաստատման ու օժանդակութեան տրամադրման մասին»:
«Հպարտութեամբ կը հաստատեմ, որ ինչպէս մնացեալ իրանցիները, ինքզինքս ազրպէյճանցի կը նկատեմ. ես Քոհպայէլպարզի բնակիչներէն եմ, սակայն Իրանի մէջ ամէն վայր տունս է», աւելցուց ան:


