Միջազգային

Թուրքիան Ստանձնեց Սեւծովեան Տնտեսական  Համագործակցութեան  Կազմակերպութեան Նախագահութիւնը

Թուրքիան Ստանձնեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Նախագահութիւնը

Թուրքիան 1 յուլիսէն կէս տարուան ժամկէտով ստանձնեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) նախագահութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ առիթով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Մենք կը պատրաստուինք եռանդուն նախագահութեան` նպաստելու Սեւ ծովու աւելի լայն շրջանին մէջ այդքան շատ անհրաժեշտ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման»: Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 1992 թուականին: Անոր կ՛անդամակցին 13 երկիրներ,...

Աբխազիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը  Ռուս Ծերակուտականի Ուղեկցութեամբ Այցելած Է  Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոս

Աբխազիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ռուս Ծերակուտականի Ուղեկցութեամբ Այցելած Է Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոս

Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարար Ինալ Արծինպա այցելած է Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոս: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Արծինպա ըսած է, թէ Աբխազիան կ՛ուսումնասիրէ Հիւսիսային Կիպրոսի հետ ներդրումային-տնտեսական համագործակցութեան կարելիութիւնները: Անոր ուղեկցած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի ծերակուտական Ալեքսանտր Նեքրասով:

«Անկարգութիւնները Դադրեցուցէ՛ք»,  Կ՛ըսէ Ֆրանսական Ոստիկանութեան Կողմէ  Սպաննուած Անչափահասի Մեծ Մայրը

«Անկարգութիւնները Դադրեցուցէ՛ք», Կ՛ըսէ Ֆրանսական Ոստիկանութեան Կողմէ Սպաննուած Անչափահասի Մեծ Մայրը

Ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ երեքշաբթի օր սպաննուած ծագումով ալճերիացի անչափահաս Նահելի մեծ մայրը` Նատիան «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Յոգնած եմ: Վերջացած է, զաւակս այլեւս կեանք չունի»: Ան կոչ ուղղեց հանդարտելու եւ անկարգութիւնը դադրեցնելու` աւելցնելով. «Դպրոցները մի՛ քանդէք, փոխադրակառքերը մի՛ քանդէք: Այլ մայրեր կան, որոնք այդ փոխադրակառքերը կը բարձրանան»: Ան նախապէս յայտնած էր, որ անկարգութիւններ կատարողները 17-ամեայ Նահելի մահը իբրեւ պատրուակ...

Իրան Որոշած Է` Քորանի Հրապարակաւ Հրկիզման  Պատճառով Իր Նոր Դեսպանը Սթոքհոլմ Չուղարկել

Իրան Որոշած Է` Քորանի Հրապարակաւ Հրկիզման Պատճառով Իր Նոր Դեսպանը Սթոքհոլմ Չուղարկել

Իրան, հակառակ վարչական ընթացակարգերու աւարտին, որոշած է իր նոր դեսպանը Սթոքհոլմ չուղարկել` Ատհայի տօնի օրը այդ քաղաքին մէջ մզկիթի մօտ Քորանի հրկիզման գայթակղալից արարքէն ետք: Այս մասին երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան: «Երէկ մենք մանրամասն զրոյց ունեցանք Շուէտի մէջ մեր երկրի նոր դեսպան պարոն Հոճաթուլլա Ֆականիի հետ, որ զեկուցում ներկայացուց դիւանագիտական առաքելութեան...

Լիթուանիոյ Մէջ Մշտական Կերպով Կրնայ  Գերմանական Զօրախումբ Տեղակայուիլ

Լիթուանիոյ Մէջ Մշտական Կերպով Կրնայ Գերմանական Զօրախումբ Տեղակայուիլ

Լիթուանիոյ տարածքին մէջ գերմանական զօրախումբի մշտական տեղակայման համար անհրաժեշտ ենթակառոյցները պէտք է պատրաստ ըլլային արդէն 2016 թուականին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետա: Նախապէս շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւններու համաձայն, Պերլին Լիթուանիոյ տարածքին մէջ կրնայ մէկ առանձին ստորաբաժին տեղակայել` շուրջ 4 հազար զինուորներով: Այս մասին Վիլնիուս կատարած այցելութեան ծիրին մէջ յայտարարած է Գերմանիոյ...

Քենաանի. «Մօտ Օրէն Թեհրանի Մէջ Սէուտական  Դեսպանատան Եւ Մաշհատի Մէջ Հիւպատոսարանի  Բացումը Կը Նախատեսենք»

Քենաանի. «Մօտ Օրէն Թեհրանի Մէջ Սէուտական Դեսպանատան Եւ Մաշհատի Մէջ Հիւպատոսարանի Բացումը Կը Նախատեսենք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Մօտ օրէն Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան ու Մաշհատի մէջ հիւպատոսարանի բացումը կը նախատեսենք, որովհետեւ ատոր պայմանները ապահովուեցան»: «Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնուեցան, եւ մենք,  երկու երկիրներու ղեկավարներու կամքին հիմամբ, զանոնք շարունակելու փուլի մէջ ենք», նշեց Քենաանի: Ան ըսաւ, որ երկու կողմերուն միջեւ տարբեր ոլորտներու, մասնաւորաբար տնտեսութեան եւ ներդրումի ոլորտներուն...

Փրիկոժին Բացատրած Է «Վակներ»-ի  Նահանջի Պատճառները

Փրիկոժին Բացատրած Է «Վակներ»-ի Նահանջի Պատճառները

«Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժին «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին վրայ բացատրած է, թէ ինչո՛ւ իր ղեկավարած ստորաբաժանումները դադրեցուցին դէպի Մոսկուա յառաջխաղացքը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ ասիկա Փրիկոժինի առաջին հրապարակային յայտարարութիւնն է 24 յունիսի իրադարձութիւններէն ետք: «Մենք կանգ առինք, երբ պարզ դարձաւ, որ մեծ արիւնահեղութիւն պիտի ըլլայ: Յանգեցանք եզրակացութեան, ըստ որուն, մեր մտադրութիւններու ցուցադրութիւնը ինքնին բաւարար էր: «Վակներ»-ի...

Փութին. «Զինեալ Ուժերը Կասեցուցին  Երկրին Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմը»

Փութին. «Զինեալ Ուժերը Կասեցուցին Երկրին Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմը»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ խօսք արտասանած է պաշտպանութեան նախարարութեան, ազգային պահակագունդի, Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան` 24 յունիսին ապստամբութեան փորձի ճնշման մասնակցած ստորաբաժանումներու առջեւ: «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Փութին իր խօսքին մէջ յայտարարած է, որ զինուորականները փաստացի կասեցուցած են քաղաքացիական պատերազմը: «Դուք պաշտպանեցիք սահմանադրական կարգը, մեր քաղաքացիներու կեանքը, անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը, փրկեցիք մեր հայրենիքը ցնցումներէն, փաստացի...

Պլինքըն Սերպիոյ Նախագահին Եւ Քոսովոյի  Ղեկավարին Հետ Քննարկած Է Շրջանի  Լարուածութեան Թուլացման Խնդիրը

Պլինքըն Սերպիոյ Նախագահին Եւ Քոսովոյի Ղեկավարին Հետ Քննարկած Է Շրջանի Լարուածութեան Թուլացման Խնդիրը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչին եւ Քոսովոյի վարչապետ Ալպին Քուրթիին կոչ ուղղած է լիցքաթափելու շրջանին մէջ կացութիւնը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այդ մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մեթիու Միլլըրի առանձին յայտարարութիւններուն մէջ, որոնք հրապարակուած են Վուչիչի եւ Քուրթիի հետ Պլինքընի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն ետք: «Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այսօր զրուցած...

Պլինքըն Ռուսիոյ Մէջ Ապստամբութեան  Ժամանակ Ամբողջ Աշխարհի Վրայ Ամերիկացի  Դիւանագէտներուն Արգիլած Է Մեկնաբանել Կացութիւնը

Պլինքըն Ռուսիոյ Մէջ Ապստամբութեան Ժամանակ Ամբողջ Աշխարհի Վրայ Ամերիկացի Դիւանագէտներուն Արգիլած Է Մեկնաբանել Կացութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն տեղական ժամանակացոյցով ուրբաթ, 23 յունիսի ուշ գիշերին, հրատապ հեռագիր ուղարկած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներուն` արգիլելով մեկնաբանել Ռուսիոյ մէջ ընթացող զինուորական ապստամբութիւնը: Այս մասին աղբիւրները յայտնած են «Աքսիոս»-ին: Անոր յանձնարարութեամբ, եթէ ամբողջ աշխարհի վրայ ամերիկացի դիւանագէտներուն հարցնէին, թէ Ռուսիոյ մէջ ի՛նչ կը կատարուի, անոնք միայն պէտք է ըսէին, որ Միացեալ Նահանգներ...

Լուքաշենքօ. «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ  Չեն Ըլլար, Եթէ Երկրին Մէջ  Ատոր Համար Պատճառ Չկայ»

Լուքաշենքօ. «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ Չեն Ըլլար, Եթէ Երկրին Մէջ Ատոր Համար Պատճառ Չկայ»

Գունաւոր յեղափոխութիւնները չեն սկսիր այն վայրերուն մէջ, ուր անոնց համար պատճառ չկայ: Ռուսական «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ: «Գունաւոր յեղափոխութիւններ չեն ըլլար, եթէ երկրին մէջ ատոր պատճառները չկան», բացատրած է ան: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ կեանքը առանց պատերազմի արդիւնք է ամէնօրեայ աշխատանքի, որ միշտ չէ, որ տեսանելի է, սակայն ահռելի ջանքեր...

Փութին Եւ Ռայիսի Քննարկած Են  Անդրկովկասի Մէջ Կայունութեան Ապահովումը

Փութին Եւ Ռայիսի Քննարկած Են Անդրկովկասի Մէջ Կայունութեան Ապահովումը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլինը: Կողմերը անդրադարձած են միջազգային օրակարգի որոշ հարցերու, որոնց շարքին` Անդրկովկասի մէջ կայունութեան ապահովման եւ սուրիական տագնապի լուծման: Իրանի նախագահը լիակատար աջակցութիւն յայտնած է Ռուսիոյ ղեկավարութեան` 24 յունիսի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:  

Նեթանիահու. «Պէտք Է Աշխատանք Տանիլ  Պաղեստինեան Պետութիւն Հաստատելու  Գաղափարը Արմատախիլ Ընելու»

Նեթանիահու. «Պէտք Է Աշխատանք Տանիլ Պաղեստինեան Պետութիւն Հաստատելու Գաղափարը Արմատախիլ Ընելու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կիրակի օր Քնեսեթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբին հետ դռնփակ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է. «Պէտք է աշխատանք տանիլ Պաղեստինեան պետութիւն հաստատելու գաղափարը արմատախիլ ընելու եւ պաղեստինցիներուն իրենց սեփական պետութիւնը ստեղծելու ձգտումներուն ճամբան փակելու»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Քան Նիուզ»-ը: Ան նաեւ յայտնած է, որ Պաղեստինեան իշխանութեան քայքայումը կարելի չէ արտօնել, սակայն պաղեստինցիներուն անկախ պետութիւն մը...

Մոսկուայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Ռուսական Կողմին Հետ Քննարկած Է «Վակներ»-ի  Ապստամբութեան Առնչուած Կացութիւնը

Մոսկուայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Ռուսական Կողմին Հետ Քննարկած Է «Վակներ»-ի Ապստամբութեան Առնչուած Կացութիւնը

Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի ըսած է, որ «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան նախաձեռնած զինուորական յեղաշրջման փորձին վերաբերեալ հաղորդակցութիւն հաստատած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին դեսպանը յայտնած է «Սի.Պի.Էս.»-ի պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին: Դեսպանը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ...

Պորել. «Վակներ» Խմբաւորման Զինեալ Ապստամբութիւնը Ռուսիոյ Իշխանութեան  Պառակտման Կը Յանգեցնէ»

Պորել. «Վակներ» Խմբաւորման Զինեալ Ապստամբութիւնը Ռուսիոյ Իշխանութեան Պառակտման Կը Յանգեցնէ»

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի կարծիքով` «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան զինեալ ապստամբութիւնը ռուսական իշխանութեան պառակտման կը յանգեցնէ: «Հիւլէական զէնքի տէր երկրի մը մէջ անկայունութիւնը լաւ բան մը չէ», աւելցուց Պորել: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարին կարծիքով` «այն ինչ որ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ կը տկարացնէ անոր զինուորական կարողութիւնը»: «Ռուսիոյ մէջ քաղաքական վարչակարգը մեծ դիւրաբեկութիւն ցոյց կու...

Փրիկոժին Կը Շարունակէ Ապստամբութեան  Գործով Հետաքննութեան Տակ Մնալ

Փրիկոժին Կը Շարունակէ Ապստամբութեան Գործով Հետաքննութեան Տակ Մնալ

26 յունիսի դրութեամբ զինեալ ապստամբութիւն կազմակերպելու վերաբերեալ քրէական գործը, որուն գլխաւոր գործող անձը «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինն է, չէ դադրեցուած եւ կը հետաքննուի Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան քննչական վարչութեան քննիչին կողմէ: Այս մասին կը գրէ «Քոմերսանթ»-ը: Հետաքննութիւնը նախաձեռնուած է 23 յունիսին, իսկ Փրիկոժինի դէմ քրէական հետապնդումը յառաջիկային դադրեցնելու մասին յայտարարուած էր անոր եւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի...

Աղեքսանդրիոյ Մէջ 13 Յարկանի  Շէնք Մը Փուլ Եկաւ

Աղեքսանդրիոյ Մէջ 13 Յարկանի Շէնք Մը Փուլ Եկաւ

Եգիպտական Աղեքսանդրիա քաղաքի Խալիլ Համատա փողոցին մէջ 13 յարկանի շէնք մը փուլ եկած է: Նախնական տուեալներով վիրաւորուած են 4 անձեր: Շէնքը կը գտնուի Սիտի Պեշրի Մոնթազա շրջանին մէջ: Շէնքի փլուզման պատճառով վնասուած են քանի մը ինքնաշարժներ: Փլատակներուն տակ մնացած են այդտեղ գտնուող հանրախանութի յաճախորդները: Շէնքը օգտագործուած է ամրան բնակարաններ վարձու տալու համար:    

Յունաստանի Խորհրդարանական  Ընտրութիւններուն  Յաղթած Է Գործող Վարչապետ  Միցոթաքիսի Կուսակցութիւնը

Յունաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Յաղթած Է Գործող Վարչապետ Միցոթաքիսի Կուսակցութիւնը

«Նոր ժողովրդավարութիւն» աջ կեդրոնամէտ կուսակցութիւնը, որ կը ղեկավարէ գործող վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը, 25 յունիսին տեղի ունեցած կրկնական խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ ապահոված է քուէներուն 40,56 առ հարիւրը` քուէներու 98 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք: Այս մասին հաղորդեց «Փոլիթիքօ»-ն: Այս արդիւնքներով նշեալ կուսակցութիւնը կրնայ ստանալ 300 աթոռներէ բաղկացած միապալատ խորհրդարանին մէջ 158 աթոռ, վերահսկողութիւն հաստատել անոր վրայ եւ առանձին կազմել կառավարութիւնը: 21 մայիսին...

Ուրքանիոյ Դեսպանատունը Կը Քննադատէ  Իսրայէլի «Ռուսամէտ» Դիրքորոշումը

Ուրքանիոյ Դեսպանատունը Կը Քննադատէ Իսրայէլի «Ռուսամէտ» Դիրքորոշումը

Իսրայէլի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատունը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները սկսած են Ռուսիոյ հետ սերտօրէն համագործակցիլ եւ փաստացի ռուսամէտ դիրքորոշում որդեգրել: Ուքրանիոյ դեսպանատունը Իսրայէլին կոչ ուղղած է «փոխելու իր դիրքորոշումը եւ պաշտպանական միջոցներով աջակցելու Ուքրանիոյ»: Դեսպանատունը յոյս յայտնած է, որ իսրայէլեան պետութիւնը «պիտի կանգնի պատմութեան ճիշդ կողմը»: «Ճերուզալեմ Փոսթ» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց...

Ռուսական Ուժերը Ուքրանական  14 Հակայարձակումներ Ետ Մղած Են

Ռուսական Ուժերը Ուքրանական 14 Հակայարձակումներ Ետ Մղած Են

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ուքրանական զինեալ ուժերը կը շարունակեն Տոնեցքի, Քրասնի Լիմանի, Հարաւային Տոնեցքի եւ Զափորոժիէի ճակատներուն վրայ յարձակումի գործողութիւններու փորձերը: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ռուսական զինեալ ուժերը Տոնեցքի մէջ Պախմութ քաղաքին մօտ յաջողած են մէկ օրուան մէջ ուքրանական ուժերու 14 յարձակումներ ետ մղել: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ կռիւներու ընթացքին ուքրանական ուժերը կորսնցուցած են 430 զինուոր, 11 զինուորական...

Page 202 of 882 1 … 201 202 203 … 882

Արխիւներ