Միջազգային

«Վակներ» Դադրեցուց Դէպի Մոսկուա  Իր «Արդարութեան Երթ»-ը, Իսկ Անոր Ղեկավարը  Մեկնեցաւ Պիելոռուսիա Աքսորի

«Վակներ» Դադրեցուց Դէպի Մոսկուա Իր «Արդարութեան Երթ»-ը, Իսկ Անոր Ղեկավարը Մեկնեցաւ Պիելոռուսիա Աքսորի

Շաբաթ առտու ռուսական «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան վարձկանները Ուքրանիոյ մէջ իրենց դաշտային ճամբարներէն անցան սահմանը եւ մուտք գործեցին Ռուսիոյ Ռոսթով-Ան-Տոն քաղաքը: Անոնք շատ արագ եւ առանց իսկ փամփուշտ մը կրակելու գրաւեցին շրջանային զինուորական հրամանատարութիւնը եւ աւելի հիւսիս, դէպի Մոսկուա ճամբուն վրայ գտնուող Վորոնեժ քաղաքին մէջ գտնուող զինուորական կեդրոնները: «Վակներ»-ի զինեալները սկսան արշաւել դէպի Ռուսիոյ մայրաքաղաք, ինչ որ Քրեմլինը մղեց բազմաթիւ...

Ամերիկեան Հետախուզութիւնը Արդէն Յունիսի  Կէսերուն Իմացած Է, Որ «Վակներ»-ը Ռուսիոյ Մէջ  Ապստամբութիւնը Կը Նախապատրաստէ

Ամերիկեան Հետախուզութիւնը Արդէն Յունիսի Կէսերուն Իմացած Է, Որ «Վակներ»-ը Ռուսիոյ Մէջ Ապստամբութիւնը Կը Նախապատրաստէ

Ամերիկեան հետախուզութիւնը յունիսի կէսերուն արդէն տեղեկութիւն ստացած է, որ «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժին Ռուսիոյ մէջ հաւանական զինեալ ապստամբութիւն կը կազմակերպէ: Այս մասին կը գրեն ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթերը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարները: Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի, ամերիկեան հետախուզութիւնը Փրիկոժինի ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւնը ստացած է յունիսի կէսերուն, իսկ «Նիւ Եորք Թայմզ» կը...

Ռուսական Օդուժը 2-րդ Օրն Ըլլալով Հարուածեց  Իտլիպի, Լաթաքիոյ Եւ Հալէպի Գիւղական Շրջաններուն Մէջ  Գտնուող Զինեալներու Կեդրոնները

Ռուսական Օդուժը 2-րդ Օրն Ըլլալով Հարուածեց Իտլիպի, Լաթաքիոյ Եւ Հալէպի Գիւղական Շրջաններուն Մէջ Գտնուող Զինեալներու Կեդրոնները

Ռուսական ռմբաձիգներ երէկ հարուածած են Իտլիպի, Լաթաքիոյ եւ Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող զինեալներու կեդրոնները: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Ռուսական օդուժը օդային երկու յարձակում գործած է Իտլիպի հիւսիսարեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Ժըսր Շուղուր քաղաքի մերձակայքին դէմ: Ռուսական ռմբաձիգները թիրախաւորած են «Թահրիր Շամ» ահաբեկչական խմբաւորման եւ անոր դաշնակիցներու Իտլիպի հարաւը գտնուող Արիհա քաղաքի հրամանատարական գրասենեակը: Ռուսական օդուժը...

Պայրամով. «Ազրպէյճան Կը Պաշտպանէ Ուքրանիոյ  Գերիշխանութիւնն Ու Տարածքային  Ամբողջականութիւնը»

Պայրամով. «Ազրպէյճան Կը Պաշտպանէ Ուքրանիոյ Գերիշխանութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը»

Ազրպէյճան հանդէս կու գայ ուքրանական ճգնաժամի շուտափոյթ կարգաւորման օգտին` հիմնուած Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի օր Լոնտոնի մէջ Ուքրանիոյ վերականգնման միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: Ան յայտնած է, որ Պաքուն Ուքրանիոյ պիտի յատկացնէ 10 միլիոն տոլարի օգնութիւն, որ կը ներառէ ելեկտրական սարքաւորումներու մատակարարում եւ Իրփեն քաղաքի...

Սպիտակ Տունը Յայտնած Է Ռուսիոյ Դէմ  Գործող Պատժամիջոցներու  Ջնջման Պայմանները

Պայտընի` Չինաստանի Նախագահը «Բռնապետ» Կոչելէն Ետք. Սպիտակ Տունը Տակաւին Կը Յուսայ Փեքինի Հետ Յարաբերութիւնները Բարելաւել

Սպիտակ տունը յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի Չինաստան կատարած այցելութիւնը յարաբերութիւններու բարելաւման կը յանգեցնէ, հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` իր չինացի պաշտօնակիցը «բռնապետ» կոչելուն: Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Պլինքըն Չինաստան իր այցելութեան ընթացքին «որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրեց»: Պաշտօնատարը շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակարգը կը յուսայ «այդ յառաջդիմութեան վրայ կառուցել»: Պլինքընի Չինաստան այցելութեան նպատակը...

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է  Ժողովրդավարութեան  Պահպանման Կարեւորութիւնը

Ուաշինկթըն Այսրյորդանանի Մէջ Բռնարարքներու Նկատմամբ Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «իր խոր մտահոգութիւն»-ը յայտնեց Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքներու մագլցումին նկատմամբ` նշելով, որ պաղեստինեան գիւղի մը դէմ իսրայէլեան յարձակումի վերաբերեալ տեղեկութիւնները «մտահոգիչ են»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել մէկ օր առաջ Իլի իսրայէլեան բնակեցման վայրին մէջ 4 իսրայէլացիներու սպանութիւնը դատապարտելէ ետք յայտնեց. «Վերջին ամիսներուն Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքներու մագլցումին նկատմամբ խոր մտահոգութիւն կը զգանք»: Նշենք,...

«Մաքրոն Ոչ Պատշաճ Հիւր Է Հարաւային  Ափրիկէի Մէջ Տեղի Ունենալիք  ՊՐԻՔՍ-ի Վեհաժողովին»  Կ՛ըսէ Ռիապքով

«Մաքրոն Ոչ Պատշաճ Հիւր Է Հարաւային Ափրիկէի Մէջ Տեղի Ունենալիք ՊՐԻՔՍ-ի Վեհաժողովին» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Մոսկուան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը ոչ պատշաճ հիւր կը նկատէ Հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի ունենալիք ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին: Այս դիրքորոշումը երէկ փոխանցուած է վեհաժողովը հիւրընկալող երկրին: Երէկ այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: «Հասկնալի է, որ մեզի համար նման թշնամական եւ անընդունելի քաղաքականութիւն վարող պետութեան ղեկավարը, որ այնքան ընդգծուած համոզուած է, որ Ռուսիան անհրաժեշտ է գործօն կերպով մեկուսացնել...

Իրանի Դեսպանը Կը Շնորհաւորէ Ազրպէյճանը`  «Շուշիի Ազատագրման Համար»

Ազրպէյճան Կը Դադրեցնէ Օդակայաններուն Մէջ Իրանի Քաղաքացիներուն Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը

Ազրպէյճանը 23 յունիս 2023-էն կը դադրեցնէ Ազրպէյճանի միջազգային օդակայաններուն մէջ Իրանի քաղաքացիներուն մուտքի արտօնագիրներու տրամադրումը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը գրեն, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունը: Կը հաղորդուի, որ Իրանի դեսպանատունը խնդրած է իր քաղաքացիներուն Ազրպէյճան այցելելու ցանկութեան պարագային նախապէս «ԱՍԱՆ մուտքի արտօնագիր» ստանալ առցանց եղանակով կամ մուտքի արտօնագիր ստանալու համար դիմել Թաւրիզի մէջ Ազրպէյճանի ընդհանուր...

Մըքտատ Սէուտական-Սուրիական Յարաբերութիւններու  Արաբական Ու Արտաքին Բոլոր Քաղաքականութիւններուն Մէջ  Փոխլրացման Փուլ Հասնելու Փափաք Կը Յայտնէ

Մըքտատ Սէուտական-Սուրիական Յարաբերութիւններու Արաբական Ու Արտաքին Բոլոր Քաղաքականութիւններուն Մէջ Փոխլրացման Փուլ Հասնելու Փափաք Կը Յայտնէ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ Ռիատի մէջ արաբական երկիրներու Խաղաղական ովկիանոսի կղզիներուն հետ նախարարական 2-րդ ժողովի ծիրին մէջ ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ, նախ եւ առաջ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ու գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին միջարաբական յարաբերութիւններու եւ աշխարհի վրայ ազդեցիկ պետութիւններու հետ արաբական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ ազդու դերակատարութիւնը: Ժետտայի մէջ գումարուած արաբական վերջին վեհաժողովի արդիւնքներուն, «քայլի դիմաց...

Ազրպէյճան Ներկայացուցած Է Թեհրանի Մէջ  Իր Դեսպանատունը Վերաբանալու Պայմանները

Ազրպէյճան Ներկայացուցած Է Թեհրանի Մէջ Իր Դեսպանատունը Վերաբանալու Պայմանները

Ազրպէյճան յայտարարած է, որ Իրան պարտաւոր է ապահովել Թեհրանի մէջ ազրպէյճանական դեսպանատան անվտանգ աշխատանքի պայմանները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան 12 յունիսին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Նախարարութիւնը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ վերջին ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած են հաղորդակցութիւններ, ներառեալ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ այս...

Անգարան Եւ Պաքուն Մտադիր Են Միասնաբար  Վերահսկել Եգէական Ծովէն Մինչեւ  Կասպից Աւազան Օդային Տարածքը

Անգարան Եւ Պաքուն Մտադիր Են Միասնաբար Վերահսկել Եգէական Ծովէն Մինչեւ Կասպից Աւազան Օդային Տարածքը

Անգարան ու Պաքուն մտադիր են միասնաբար վերահսկել Եգէական ծովէն մինչեւ Կասպից աւազան օդային տարածքը: «Սփութնիք Պլիժնէյէ Զարուպեժիէ» թելեկրամեան ալիքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ղեկավար Հալուք Կէօրկիւնը: «ՀԱՔԻՄ Էր Քոմենտ էնտ Քոնթրոլ Սիսթըմ» նախագիծը, անոր համաձայն, երկու երկիրներուն պիտի արտօնէ արդիւնաւէտօրէն իրականացնել գործնական առաջադրանքներ` կալանիչ օդանաւերու, անօդաչու թռչող սարքերու, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու եւ փողային զէնքի...

Ասթանայի Ժողովի Մասնակիցները Կ՛ողջունեն  Թուրք-Սուրիական Յարաբերութիւններու  Վերականգնման Ջանքերը

Ասթանայի Ժողովի Մասնակիցները Կ՛ողջունեն Թուրք-Սուրիական Յարաբերութիւններու Վերականգնման Ջանքերը

Ասթանայի ձեւաչափով 20-րդ ժողովը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երաշխաւոր երկիրները կը վերահաստատեն Սուրիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան, միութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ուխտի նպատակներուն ու սկզբունքներուն նկատմամբ իրենց հաստատ յանձնառութիւնը: Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ գումարուած ժողովին մասնակից երկիրները յայտարարեցին, որ Ասթանայի ձեւաչափի երաշխաւոր երկիրները կը վերանորոգեն ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարը շարունակելու իրենց վճռականութիւնը եւ կը մերժեն անջատողական օրակարգերը, որոնց նպատակը...

Պայտըն Չինաստանի Նախագահը  «Բռնապետ» Կը Կոչէ

Պայտըն Չինաստանի Նախագահը «Բռնապետ» Կը Կոչէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկը «բռնապետ» որակած է` նշելով, որ վերջինս շատ նեղ կացութեան մատնուեցաւ, երբ չինական օդապարիկը վերջերս Միացեալ Նահանգներու վերեւ իր թռիչքի ուղիէն շեղեցաւ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Պայտըն այս մասին յայտարարած է Քալիֆորնիոյ մէջ ընտրական դրամահաւաքի ձեռնարկի մը ընթացքին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի` Փեքինի մէջ Չինաստանի նախագահին հետ...

«Մենք Գիտենք, Որ Ուքրանիոյ  Հակայարձակումը Ծանր Պայքար  Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

«Մենք Գիտենք, Որ Ուքրանիոյ Հակայարձակումը Ծանր Պայքար Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Միացեալ Նահանգներու գնահատականները ի սկզբանէ յստակ էին: Սակայն մենք գիտենք, որ ատիկա ծանր պայքար պիտի ըլլայ: Մենք գիտենք, որ ատիկա ժամանակ պիտի պահանջէ, եւ մենք վստահ ենք, որ ուքրանացիները ունին այն, ինչ որ իրենց պէտք է: Անոնք մարտական ուժ ունին: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Փենթակոնի բանբերի տեղակալ Սապինա Սինկհ: «Կը կարծեմ, դուք գիտէք, մենք գիտենք, որ մինչ դուք...

Մոսկուայի Մարզին Մէջ 3 Անօդաչու  Թռչող Սարքեր Վար Առնուած Են

Մոսկուայի Մարզին Մէջ 3 Անօդաչու Թռչող Սարքեր Վար Առնուած Են

Նոր Մոսկուայի եւ Մոսկուայի մարզի Նարօ-Ֆոմինսք շրջանին մէջ ելեկտրոնային պատերազմի սարքերու օգնութեամբ երեք անօդաչու թռչող սարքեր վար առնուած են: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած են իրաւապահ մարմինները: «Նոր Մոսկուայի մէջ` Լուքինօ գիւղին մօտ գտնուող դաշտին մէջ, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի մարզի Թաման զօրամասի (տեղակայման) տարածքին մէջ, ելեկտրոնային պատերազմի միջոցով խոցուած են երեք անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք ինկած են` առանց որեւէ...

«Թայթանիք»-ը Տեսնելու Մեկնած Եւ Անհետ Կորսուած  Սուզանաւի Որոնումներու Ընթացքին Ձայներ Լսուած Են

«Թայթանիք»-ը Տեսնելու Մեկնած Եւ Անհետ Կորսուած Սուզանաւի Որոնումներու Ընթացքին Ձայներ Լսուած Են

«Թայթանիք»-ի խորտակման վայրին մօտ անհետ կորսուած սուզանաւի որոնումներուն ժամանակ յատուկ սարքերով օժտուած քանատական օդանաւը ձայներ լսած է: Որոնողական խումբերը կը փորձեն գտնել այդ ձայներու աղբիւրը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնը: Կը նշուի, որ առայժմ հեռակառավարուող ստորջրեայ սարքերը դրական արդիւնքներ չեն արձանագրած, որոնումները կը շարունակուին: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի ժամանակացոյցով կէս...

Պայտըն. «Փութինի Կողմէ Մարտավարական  Հիւլէական Զէնքի Կիրարկման Վտանգը Իրական Է»

Պայտըն. «Փութինի Կողմէ Մարտավարական Հիւլէական Զէնքի Կիրարկման Վտանգը Իրական Է»

Փութինի կողմէ մարտավարական հիւլէական զէնքի կիրարկման վտանգը իրական է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Քալիֆորնիոյ մէջ ընտրարշաւի նուիրատուներու հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: «Երկու տարի առաջ, երբ ես կրկին այստեղ էի եւ յայտարարեցի, որ զիս կը մտահոգէ Քոլորատօ գետի հաւանական ցամաքումը, բոլորը ինծի այնպէս կը նայէին, կարծես ես խենթացած եմ: Հիմա ինծի...

«Ամերիկացիները Կը Խոչընդոտեն  Սուրիացի Քիւրտերու Եւ Դամասկոսի  Երկխօսութիւնը»  Կ՛ըսէ Պոկտանով

«Ամերիկացիները Կը Խոչընդոտեն Սուրիացի Քիւրտերու Եւ Դամասկոսի Երկխօսութիւնը» Կ՛ըսէ Պոկտանով

«Ամերիկացիները կը խոչընդոտեն սուրիացի քիւրտերու եւ Դամասկոսի երկխօսութիւնը», կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, Միջին Արեւելքի հարցերով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Պոկտանով: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Ամերիկացիները կը հիմնուին շարք մը քրտական կազմակերպութիւններու վրայ, կ՛աջակցին անոնց: Այդ կառոյցները, իրենց կարգին, կեղծ պետութիւն կը ձեւաւորեն` իր վարչակազմով: Ատիկա բացարձակապէս անթոյլատրելի է: Ատիկա սուրիական պետութեան եւ գերիշխանութեան խախտում է»,...

Ըստ Պլինքընի.  Չինաստան Վերահաստատած Է,  Որ Ռուսիոյ Զէնք Պիտի Չմատակարարէ

Ըստ Պլինքընի. Չինաստան Վերահաստատած Է, Որ Ռուսիոյ Զէնք Պիտի Չմատակարարէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Փեքինի մէջ յայտարարած է, որ Չինաստան վերահաստատած է, որ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմող Ռուսիոյ զէնք պիտի չմատակարարէ: Ամերիկացի պաշտօնատարը, այդուհանդերձ, մտահոգութիւն յայտնած է առանձին չինական սեփական ընկերութիւններու գործողութիւններու նկատմամբ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Մենք եւ շարք մը այլ երկիրներ Չինաստանի կողմէ հաւաստում ստացած ենք, որ Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ մէջ օգտագործելու համար մահացու օգնութիւն...

Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան  Նախարարի` Լա Հէյի Արդարադատութեան Միջազգային  Դատարան «Պատմական» Այցելութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան Նախարարի` Լա Հէյի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան «Պատմական» Այցելութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարար Մերիք Կարլընտ իր տեսակին մէջ առաջին այցելութիւն մը տուած է Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարան եւ հանդիպում ունեցած ընդհանուր դատախազ Քարիմ Խանի եւ դատարանի նախագահ Փիոթր Հոֆմանսքիի հետ: Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կարլընտ կը գտնուի Եւրոպա իր միջազգային պաշտօնակիցներուն հետ ժողով գումարելու` քննարկելու համար Ռուսիան հաշուետուութեան ենթարկելու հարցն ու օրէնքի կիրարկման համար...

Page 203 of 882 1 … 202 203 204 … 882

Արխիւներ