Թուրքիան 1 յուլիսէն կէս տարուան ժամկէտով ստանձնեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) նախագահութիւնը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ առիթով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Մենք կը պատրաստուինք եռանդուն նախագահութեան` նպաստելու Սեւ ծովու աւելի լայն շրջանին մէջ այդքան շատ անհրաժեշտ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման»:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 1992 թուականին: Անոր կ՛անդամակցին 13 երկիրներ, որոնց շարքին` Հայաստանը:


