Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ խօսք արտասանած է պաշտպանութեան նախարարութեան, ազգային պահակագունդի, Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան` 24 յունիսին ապստամբութեան փորձի ճնշման մասնակցած ստորաբաժանումներու առջեւ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Փութին իր խօսքին մէջ յայտարարած է, որ զինուորականները փաստացի կասեցուցած են քաղաքացիական պատերազմը:
«Դուք պաշտպանեցիք սահմանադրական կարգը, մեր քաղաքացիներու կեանքը, անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը, փրկեցիք մեր հայրենիքը ցնցումներէն, փաստացի կասեցուցիք քաղաքացիական պատերազմը, դժուար կացութեան մէջ գործեցիք յստակ, ներդաշնակ, գործով ապացուցեցիք ձեր հաւատարմութիւնը ժողովուրդին», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը` դիմելով ուժայիններուն:
«Ժողովուրդն ու բանակը չբռնեցին ապստամբներու կողմը, ապստամբութիւնը ճնշելու հարցին մէջ վճռական դեր խաղացին զինուորականներու վճռականութիւնն ու քաջութիւնը, ինչպէս նաեւ հասարակութեան համախմբումը», շարունակած է Փութին: