Եգիպտական Աղեքսանդրիա քաղաքի Խալիլ Համատա փողոցին մէջ 13 յարկանի շէնք մը փուլ եկած է: Նախնական տուեալներով վիրաւորուած են 4 անձեր:
Շէնքը կը գտնուի Սիտի Պեշրի Մոնթազա շրջանին մէջ: Շէնքի փլուզման պատճառով վնասուած են քանի մը ինքնաշարժներ: Փլատակներուն տակ մնացած են այդտեղ գտնուող հանրախանութի յաճախորդները:
Շէնքը օգտագործուած է ամրան բնակարաններ վարձու տալու համար:


