Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուքաշենքօ. «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ Չեն Ըլլար, Եթէ Երկրին Մէջ Ատոր Համար Պատճառ Չկայ»

June 28, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գունաւոր յեղափոխութիւնները չեն սկսիր այն վայրերուն մէջ, ուր անոնց համար պատճառ չկայ: Ռուսական «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:

«Գունաւոր յեղափոխութիւններ չեն ըլլար, եթէ երկրին մէջ ատոր պատճառները չկան», բացատրած է ան:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ կեանքը առանց պատերազմի արդիւնք է ամէնօրեայ աշխատանքի, որ միշտ չէ, որ տեսանելի է, սակայն ահռելի ջանքեր կը պահանջէ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Պիելոռուսիոյ նախագահը Ռուսիոյ մէջ զինեալ ապստամբութեան ժամանակ հրամայած է բանակը լիարժէք մարտական պատրաստութեան բերել:

«Բանակը լիարժէք մարտական պատրաստութեան բերելու բոլոր հրամանները տուած եմ», ըսած է Լուքաշենքօ:

Քաղաքական գործիչը նշած է, որ իրեն համար «ցաւալի էր հետեւիլ» Ռուսիոյ հարաւը տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:

«Մեր քաղաքացիներէն շատերը ատիկա իրենց սրտին մօտ ընդունած են, որովհետեւ հայրենիքը մէկ է` Պրեսթէն մինչեւ Վլատիվոսթոք է», ըսած է Լուքաշենքօ:

«Քոմերսանթ» իր կարգին հաղորդեց, որ Լուքաշենքօ յայտնած է. «Անոնք (Արեւմուտքը, «Ա.») անգամ մը եւս կը փորձեն պայթեցնել մեր երկիրը, մեր ամբողջ շրջանը, ապակողմնորոշել մարդիկը, ամէն գնով ապակայունացնել կացութիւնը եւ այս աղմուկին տակ պարտադրել իրենց սեփական կանոնները, հաստատել իրենց կարգը: Կարգ, որուն մէջ այլեւս ո՛չ մեր երկիրները, ո՛չ ժողովուրդները պիտի ըլլան», ըսած է նախագահը:

«Իմ դիրքորոշումս այն է, որ եթէ Ռուսիան փլուզուի, մենք պիտի մնանք փլատակներու տակ, մենք բոլորս պիտի մեռնինք», աւելցուցած է Լուքաշենքօ:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

Յաջորդը

Պլինքըն Ռուսիոյ Մէջ Ապստամբութեան Ժամանակ Ամբողջ Աշխարհի Վրայ Ամերիկացի Դիւանագէտներուն Արգիլած Է Մեկնաբանել Կացութիւնը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.