Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի կարծիքով` «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան զինեալ ապստամբութիւնը ռուսական իշխանութեան պառակտման կը յանգեցնէ:
«Հիւլէական զէնքի տէր երկրի մը մէջ անկայունութիւնը լաւ բան մը չէ», աւելցուց Պորել:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարին կարծիքով` «այն ինչ որ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ կը տկարացնէ անոր զինուորական կարողութիւնը»:
«Ռուսիոյ մէջ քաղաքական վարչակարգը մեծ դիւրաբեկութիւն ցոյց կու տայ, եւ ասիկա Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի հետեւանքներուն մեծագոյնն է», նշեց Պորել:
«Համաձայնութիւն գոյացուցինք Ուքրանիոյ մեր զինուորական աջակցութիւնը 3,5 միլիառ եւրոյով աւելցնելու», ըսաւ յանձնակատարը:


