«Նոր ժողովրդավարութիւն» աջ կեդրոնամէտ կուսակցութիւնը, որ կը ղեկավարէ գործող վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը, 25 յունիսին տեղի ունեցած կրկնական խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ ապահոված է քուէներուն 40,56 առ հարիւրը` քուէներու 98 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք: Այս մասին հաղորդեց «Փոլիթիքօ»-ն:
Այս արդիւնքներով նշեալ կուսակցութիւնը կրնայ ստանալ 300 աթոռներէ բաղկացած միապալատ խորհրդարանին մէջ 158 աթոռ, վերահսկողութիւն հաստատել անոր վրայ եւ առանձին կազմել կառավարութիւնը:
21 մայիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն եւս յաղթած էր Միցոթաքիսի կուսակցութիւնը` ստանալով քուէներուն 40,7 առ հարիւրը, սակայն ատիկա բաւարար չէր եղած առանձին կառավարութիւն ձեւաւորելու համար, իսկ կուսակցութիւնները չէին կրցած համախոհական կառավարութեան կազմութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: Ժամանակաւոր վարչապետ նշանակուած էր Հաշուիչ պալատի ղեկավար Իոանիս Սարմաս:
Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը` նախկին վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի Արմատական ձախ ուժերու դաշինք-Յառաջդիմական դաշինքը ստացած է քուէներուն 17,83 առ հարիւրը` խորհրդարանին մէջ ապահովելով 48 աթոռ:


