Իսրայէլի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատունը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները սկսած են Ռուսիոյ հետ սերտօրէն համագործակցիլ եւ փաստացի ռուսամէտ դիրքորոշում որդեգրել:
Ուքրանիոյ դեսպանատունը Իսրայէլին կոչ ուղղած է «փոխելու իր դիրքորոշումը եւ պաշտպանական միջոցներով աջակցելու Ուքրանիոյ»: Դեսպանատունը յոյս յայտնած է, որ իսրայէլեան պետութիւնը «պիտի կանգնի պատմութեան ճիշդ կողմը»:
«Ճերուզալեմ Փոսթ» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ծրագրէ Իսրայէլի հասցէին այս սուր քննադատութենէն ետք իր մօտ կանչել Ուքրանիոյ դեսպան Եւկենի Քոռնիյչուքը:
Օրաթերթին տուեալներով` ուքրանացի դիւանագէտին, ինչպէս կ՛ակնկալուի, բողոք պիտի յայտնեն:


