Իրան, հակառակ վարչական ընթացակարգերու աւարտին, որոշած է իր նոր դեսպանը Սթոքհոլմ չուղարկել` Ատհայի տօնի օրը այդ քաղաքին մէջ մզկիթի մօտ Քորանի հրկիզման գայթակղալից արարքէն ետք: Այս մասին երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան:
«Երէկ մենք մանրամասն զրոյց ունեցանք Շուէտի մէջ մեր երկրի նոր դեսպան պարոն Հոճաթուլլա Ֆականիի հետ, որ զեկուցում ներկայացուց դիւանագիտական առաքելութեան ներկայ վիճակի մասին: Հակառակ բոլոր վարչական ընթացակարգերու աւարտին, Իրանի դեսպանը Շուէտ ուղարկելու հոլովոյթը ներկայիս կասեցուած է», գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ապտոլլահեան ընդգծած է, որ այս որոշումը տրուած է Սթոքհոլմի մէջ Քորանի հրկիզման արարքէն ետք. ցոյցը կատարուած է իրաւապահ ուժերու արտօնութեամբ:
Քորանի օրինակի հրկիզման դէպքը տեղի ունեցած էր չորեքշաբթի օր Սթոքհոլմի կեդրոնը գտնուող Մետպորճարփլացէն հրապարակին վրայ:
Իրաքէն գաղթական 37 տարեկան Սալուան Մոմիքան պատռած է Քորանի էջերը եւ զանոնք այրած: Անոր արարքը արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ բողոքի ու դատապարտման ալիք բարձրացուցած է: Իրաք անոր արտայանձնումը պահանջած է:
Իրաքցի տասնեակներով ցուցարարներ հինգշաբթի օր յաջողած էին ներխուժել Պաղտատի մէջ Շուէտի դեսպանատուն` բողոքելու համար Սթոքհոլմի մէջ Քորանի հրկիզման դէմ: Ցուցարարները Սատըրական հոսանքի ղեկավար սէյիտ Մուքթատա Սատըրի համակիրներ էին:


