Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 5 յուլիսին ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը, որ Պաքու կը գտնուէր մասնակցելու համար Ոչ յանձնառու պետութիւններու շարժումի հաւաքին:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Ապտոլլահեան Ալիեւին վստահեցուցած է, որ Իրանի իրաւապահները «լուրջ հետաքննութիւն կը կատարեն Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան յարձակումին» գործով: Իրանեան դիւանագիտութեան ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ դեսպանատան գործունէութիւնը մօտիկ ապագային պիտի վերսկսի:
Ազրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն, «միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական կապի ուղիներու ստեղծման հեռանկարներու շուրջ»:
Թեհրանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ ծագած ճգնաժամէն ետք, ասիկա Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Ազրպէյճան առաջին այցելութիւնն էր:


