Առանձին համազօրային բանակին մէջ տեղի ունեցած են հրամանատարաշտապային ռազմափորձեր: Այս մասին հաղորդած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը:
Տեղեկատուութեան համաձայն, «տագնապով ոտքի հանուած ստորաբաժանումները, զօրամասերն ու միաւորումները դուրս բերուած են մնայուն տեղակայման վայրերէն եւ բերուած տարբեր աստիճանի պատրաստուածութեան վիճակի»:
Կը հաղորդուի, որ «գործի դրուած է կապի դաշտային հանգոյցը: Կառավարման կազմակերպման համար ապահովուած է տեղեկատուութեան միջհրամանատարական փոխանակման որակեալ կատարում յենակէտային եւ շարժական ռատիոհանգոյցներէն:
«Մշակուած է գրոհ «Մի-17» փոխադրամիջոցային-մարտական ուղղաթիռներէն` տարբեր մարտական խուսանաւումներու օգտագործումով: Գործի դրուած են հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներ, որոնք կատարած են տարբեր բարձրութիւններու վրայ հակառակորդի օդային հարուածները ետ մղելու գործողութիւններ:
«Իրական մարտի պայմաններու մէջ հրամանատարներու եւ մարտական հաշուարկներու հմտութիւններու կատարելագործման նպատակով օդուժը կատարած է գործնական թռիչքներ»: