Վանտալները յարձակում գործած են Նետերլանտներու մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպանատան վրայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Մինսքը:
«Մենք կը հաստատենք Նետերլանտներու մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպանատան շէնքին նկատմամբ վանտալիզմի արարքը», նշուած է Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Միջադէպը տեղի ունեցած է շաբաթ երեկոյեան: Յարձակումին հեղինակները շէնքի պատերը ներկած են սեւ ու կարմիր կրաֆիթիներով: Բացի ատկէ, քանի մը պատուհաններու ապակին կոտրուած է:
Կը նշուի նաեւ, որ իրաւապահներու ջոկատը ձերբակալած է յարձակումին հեղինակը: Անոր յարձակման պատճառը չի նշուիր:


