Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը Ժենինի եւ անոր գաղթակայաններուն դէմ շղթայազերծած է գործողութիւն մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ իրագործէ իր նպատակը` Ժենինը իրեն կեդրոնատեղի դարձուցած պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներու ենթակառոյցներու հարուածումը:
Ան աւելցուց, որ գործողութիւնը անժամկէտ է, եւ անոր աւարտը կախեալ է բանակի առաքելութեան աւարտէն:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսրայէլ «Երկաթեայ գմբէթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը պատրաստ վիճակի մէջ դրած է, առ ի պատրաստութիւն Կազայէն եւ Լիբանանէն որեւէ հակազդեցութեան:
Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը կը շարունակէ բռնի ուժի կիրարկման վրայ հիմնուած իր ցեղապաշտական եւ կայսերապաշտական մտածելակերպը գործի վերածել, եւ կը թիրախաւորէ Ժենինի եւ անոր գաղթակայաններուն մէջ գտնուող քաղաքայինները:
Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Նեթանիահուի կառավարութեան ոճիրները համահունչ են տագնապը հրահրելու համար նախապէս պատրաստուած իսրայէլեան ծրագիրին:


