Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը սէուտական լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Մաղմուրա շրջանին մէջ գտնուող բնական հարստութիւնները, ներառեալ ամբողջ Տուրրա դաշտը, «միայն թագաւորութեան ու Քուէյթի միացեալ սեփականութիւնն են»:
Գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիան իրանեան կողմը վերստին կը հրաւիրէ թագաւորութեան եւ Քուէյթի միջեւ բաժնուած Մաղմուրա շրջանի արեւելեան ծայրամասի սահմանագծման շուրջ բանակցութիւններու սկսելու` Սէուտական Արաբիոյ ու Քուէյթի հետ իբրեւ բանակցային մէկ կողմը իրանեան կողմի դիմաց սկզբունքով եւ ըստ միջազգային օրէնքի պայմաններուն:
Թեհրանի համաձայն, Իրանի կողմէ «Արշ» կոչուող եւ Քուէյթի ու Սէուտական Արաբիոյ մէջ «Տուրրա» կոչուող դաշտը կը գտնուի իր տնտեսական բացարձակ շրջանին մէջ: Նշեալ դաշտին շուրջ վէճը սկսած է քանի մը տասնամեակ առաջ:


