Լեհաստան 500 ոստիկան պիտի ուղարկէ Պիելոռուսիոյ հետ իր սահման: «Թուիթըր»-ի վրայ այս մասին յայտնած է Լեհաստանի ներքին գործոց նախարար Մարիուշ Քամինսքի:
Վերջին շրջանին Լեհաստանի իշխանութիւնները մտահոգութիւն կը յայտնեն Պիելոռուսիոյ մէջ «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան վարձկաններու գոյութեան նկատմամբ:
Լեհ սահմանապահները նաեւ կը պնդեն, որ Պիելոռուսիայէն սահմանը ապօրինի անցնելու փորձերու թիւը աճած է:
«Պիելոռուսիոյ հետ սահմանին վրայ ստեղծուած լարուած կացութեան առնչուած` որոշած եմ ուժեղացնել մեր ուժերը հակաահաբեկչութեան եւ կանխարգիլման ստորաբաժանումներու 500 ոստիկաններէ բաղկացած խումբով», գրած է Քամինսքի:
Անոր համաձայն, այժմ սահմանին կը հսկեն Սահմանապահ ծառայութեան 5000 աշխատակից եւ լեհական բանակի 2000 զինուոր:
Իշխող Օրէնք եւ արդարութիւն կուսակցութեան նախագահ Եարոսլաւ Քաչինսքի նախապէս յայտարարած էր, որ Լեհաստան կ՛ամրապնդէ Պիելոռուսիոյ հետ սահմանը` այնտեղ «Վակներ» խմբաւորման զինեալներու գոյութեան պատճառով: Անոր համաձայն, սահմանի ամրապնդումը «շատ լուրջ» պիտի ըլլայ:
Միւս կողմէ, «Արապիա» երէկ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ մէջ զինեալ ապստամբութեան ղեկավար Եւկենի Փրիկոժինի «Վակներ» եւ «Քոնքորտ» ընկերութիւնները ռուսական կառավարութեան հետ 19 միլիառ տոլարի պայմանագիրներ կնքած են:


