Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ռեզա Նաժաֆի մեկնած է Պաքու:
«Ֆարս» լրատու գործակալութեան հաղորդումով` Նաժաֆի գլխաւորած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որ բարձրագոյն փորձագէտներու մակարդակով պիտի մասնակցի Ոչ յանձնառու շարժումի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովին:
Խորհրդաժողովը կը գումարուի Պաքուի մէջ 3-4 յուլիսին: Չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր` 5-6 յուլիսին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ շարժման անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:


