Կասպից ծովուն մէջ տեղի ունեցած 5,7 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժէն ետք Պաքուի մէջ մարդիկ շտապած են լքել իրենց տուները: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը` յղում կատարելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն:
Ցնցումները բաւական ուժգին զգացուած են Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի եւ շարք մը այլ շրջաններու մէջ:
Ազրպէյճանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երկրաբանական կեդրոնի տեղեկատուական ծառայութեան ղեկավար Վուսալա Ռաֆիկկիզիի համաձայն, երկրին մէջ ուժեղ երկրաշարժի սպառնալիք չկայ:
Կը նշուի, որ Պաքուի եւ Ապշերոնեան թերակղզիի մէջ արձանագրուած են 5,0 ուժգնութեամբ ցնցումներ: Անոնց յաջորդած են տկար յետցնցումներ, որոնք չեն զգացուած: