Հունգարիան Արգելակած Է Ուքրանիոյ 50 Միլիառ Եւրոյի Ֆինանսական Աջակցութիւնը
Հունգարիան արգելակած է Ուքրանիոյ 50 միլիառ եւրոյի ֆինանսական աջակցութիւնը: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ատիկա տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու շուրջ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններու սկսելու մասին համաձայնութիւն հասնելէն քանի մը ժամ ետք: «Երեկոյեան նիստի ամփոփում. Ուքրանիոյ լրացուցիչ գումար տալու վեթօ», յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարներու բանակցութիւններէն ետք: Եւրոպական Միութեան ղեկավարները յայտարարած են, որ...




















