Միջազգային

Նեթանիահու Կտրուկ Կերպով Կը Մերժէ Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժերու Տեղակայման Գաղափարը

Նեթանիահու Կտրուկ Կերպով Կը Մերժէ Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժերու Տեղակայման Գաղափարը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կտրուկ կերպով մերժեց Կազայի մէջ միջազգային ուժեր տեղակայելու գաղափարը` յայտնելով, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պէտք է վերահսկէ պատերազմէն ետք Կազայի զինաթափման: «Կազան պէտք է զինաթափուի. եւ կայ միայն մէկ ուժ, որ կրնայ այդ մէկը ապահովել, եւ այդ ուժը Իսրայէլի բանակն է», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Ոչ մէկ միջազգային ուժ կրնայ ատոր համար պատասխանատուութիւն ստանձնել»: «Մենք տեսած ենք,...

Էրտողան. «Եթէ Իսրայէլ Փորձէ Թուրքիոյ Մէջ Համասի Անդամներ Հետապնդել, Սուղ Գին Պիտի Վճարէ»

Էրտողան. «Եթէ Իսրայէլ Փորձէ Թուրքիոյ Մէջ Համասի Անդամներ Հետապնդել, Սուղ Գին Պիտի Վճարէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Եթէ Իսրայէլ փորձէ Թուրքիոյ մէջ Համաս շարժումի անդամներ հետապնդել, սուղ գին պիտի վճարէ»: 5 դեկտեմբերին միջազգային լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութենէն` ՄԻԹ-էն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ ՄԻԹ-ը Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատին փոխանցած է, թէ Համասի ղեկավարները ահաբեկելու որեւէ քայլ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ: Խնդիրը լուսարձակի տակ առնուած էր,...

Պայտըն. «Ուքրանիոյ Չաջակցիլը Բացարձակ Խելագարութիւն Է, Ատիկա Կը Հակասէ Միացեալ Նահանգներու Շահերուն»

Պայտըն. «Ուքրանիոյ Չաջակցիլը Բացարձակ Խելագարութիւն Է, Ատիկա Կը Հակասէ Միացեալ Նահանգներու Շահերուն»

Միացեալ Նահանգներուն համար «բացարձակ խելագարութիւն» պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ նոր օգնութեան փաթեթի շուրջ համաձայնութեան չգալը: Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: «Ուքրանիոյ չաջակցիլը բացարձակ խելագարութիւն է, ատիկա կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն, ատիկա ուղղակի սխալ է», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Ճանեթ Ելեն իր կարգին «սարսափելի» որակած...

Սէուտ-Քաթարեան Հաղորդագրութիւնը Իսրայէլի` Պաղեստինցիներու Բռնի Տեղահանութիւնը Դադրեցնելու Կարեւորութիւնը Կը Շեշտէ

Սէուտ-Քաթարեան Հաղորդագրութիւնը Իսրայէլի` Պաղեստինցիներու Բռնի Տեղահանութիւնը Դադրեցնելու Կարեւորութիւնը Կը Շեշտէ

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին Քաթար այցելութեան եւ Տոհայի մէջ Սէուտական-քաթարեան համակարգումի խորհուրդի 7-րդ ժողովի աւարտին հրապարակուած սէուտ-քաթարեան միացեալ հաղորդագրութիւնը շրջանային ու միջազգային հարցերու շուրջ քաղաքական գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը նշեց: Հաղորդագրութիւնը շեշտեց Իսրայէլի ոտնձգութիւններուն վերջ տալու, պաղեստինցիներու բռնի տեղահանութիւնը դադրեցնելու եւ երկու պետութիւններու ստեղծման սկզբունքին հիմամբ համապարփակ լուծման ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը: Հաղորդագրութիւնը նշեց «անվտանգութեան ոլորտի գործակցութեան ամրապնդումը, ինչ...

Ծոցի Վեհաժողով. «Տագնապը Կրնայ Միջին  Արեւելքի Մէջ Այլ Շրջաններ Տարածուիլ,  Եթէ Իսրայէլեան Յարձակումը Չդադրի»

Ծոցի Վեհաժողով. «Տագնապը Կրնայ Միջին Արեւելքի Մէջ Այլ Շրջաններ Տարածուիլ, Եթէ Իսրայէլեան Յարձակումը Չդադրի»

Երէկ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի 44-րդ վեհաժողովը: Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը վեհաժողովի բացման նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Արագացող փոփոխութիւնները խորհրդակցութիւնն ու համակարգումը հրամայական կը դարձնեն` խուսափելու համար անոնց հետեւանքներէն»: «Մենք վստահ ենք, որ Ծոցի երկիրները կը գիտակցին շրջանային կարգ մը խնդիրներու լուծման համար գործակցութեան կամ փոխադարձ հասկացողութեան գոյացման...

Ռուսիան Խիստ Զգուշացում  Կ՛ուղղէ Հայաստանին

Փութին Այսօր Սէուտական Արաբիա Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Պիտի Այցելէ, Իսկ Ռայիսին Վաղը Ռուսիա Պիտի Այցելէ

Քրեմլին երէկ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը այսօր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Սէուտական Արաբիա պիտի այցելէ, իսկ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին հինգշաբթի օր պիտի այցելէ Ռուսիա: «Մոսքօ Փոսթ»-ի լրագրողը հաղորդեց, որ Ռայիսի Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարէ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ: Փութինն ու Ռայիսին պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը, ներառեալ պաշտպանական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ: Ուշադրութեան կեդրոնը...

Փութին. «Ռուս-Թրքական Գործընկերութիւնը  Բարձր Մակարդակի Վրայ Է»

Փութին. «Ռուս-Թրքական Գործընկերութիւնը Բարձր Մակարդակի Վրայ Է»

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, ներառեալ ուժանիւթի ոլորտի մէջ, լաւ մակարդակի վրայ են: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քրեմլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի հաւատարմագիրներու յանձնման արարողութեան ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Ռուսիոյ գործընկերութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ բարձր մակարդակի վրայ է եւ հիմնուած է տարբեր ոլորտներու մէջ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան բազմամեայ փորձառութեան վրայ: «Երկու կողմերը վճռական են հետագային զարգացնելու յարաբերութիւնները բարի դրացիութեան,...

Լաւրով Եւ Ապտոլլահեան Միակողմանի  Պատժամիջոցներուն Հակազդելու Մասին  Հռչակագիր Ստորագրած Են

Լաւրով Եւ Ապտոլլահեան Միակողմանի Պատժամիջոցներուն Հակազդելու Մասին Հռչակագիր Ստորագրած Են

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ երկկողմանի բանակցութիւններու ընթացքին ստորագրած է միակողմանի պատժամիջոցներուն հակազդելու համաձայնագիր: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Փաստաթուղթի պաշտօնական անունը Ռուսիոյ եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հռչակագիրը միակողմանի հարկադրանքի միջոցներու հակազդման, մեղմացման եւ փոխհատուցման ուղիներու եւ միջոցներու մասին է: Բանակցութիւնները տեղի ունեցած են մերձկասպեան երկիրներու` Ազրպէյճանի,...

Սպիտակ Տուն. «Ներկայ Կացութիւնը  Պաղեստինեան  Իշխանութեան Չ՛արտօներ Կազան  Հաւաստի Կերպով Կառավարել»

Սպիտակ Տուն. «Ներկայ Կացութիւնը Պաղեստինեան Իշխանութեան Չ՛արտօներ Կազան Հաւաստի Կերպով Կառավարել»

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց. «Պաղեստինեան իշխանութիւնը ներկայիս չի կրնար Կազայի կառավարումը ստանձնել: Անիկա ներկայիս կացութեան մը մէջ է, որ անոր չ՛արտօներ Կազան հաւաստի կերպով կառավարել»: «Միացեալ Նահանգներ չհրաժարեցան «երկու պետութիւններ»-ու գաղափարէն, սակայն կ՛ուզեն տեսնել Պաղեստինեան իշխանութիւն մը, որ կրնայ պէտք եղած բարեփոխումները գործադրել եւ բաւարարել պաղեստինցի ժողովուրդի ձգտումները»: Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը երէկ հաղորդեց. «Սպիտակ տունէն...

Քամերոն. «Եթէ Փութինը Ուքրանիոյ Մէջ  Չկանգնեցնենք, Ան Աւելին Ստանալու  Նպատակով Պիտի Վերադառնայ»

Քամերոն. «Եթէ Փութինը Ուքրանիոյ Մէջ Չկանգնեցնենք, Ան Աւելին Ստանալու Նպատակով Պիտի Վերադառնայ»

Բրիտանիոյ նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն յայտարարած է, որ եթէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Ուքրանիոյ մէջ չկանգնեցնեն, ան պիտի վերադառնայ` աւելին ստանալու նպատակով: Բրիտանիոյ նախկին վարչապետը այս մասին գրած է բրիտանական «Տը Սան»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ: «Դժուար է յիշել ոչ վաղ անցեալին նման վտանգի եւ անորոշութեան ժամանակ», գրած է Քամերոն օրաթերթի կիրակնօրեայ թիւի սիւնակին մէջ: Քամերոն ըսած...

Իրան Նախիջեւանի Մէջ Նոր  Ընդհանուր Հիւպատոս Նշանակած Է

Իրան Նախիջեւանի Մէջ Նոր Ընդհանուր Հիւպատոս Նշանակած Է

Իրան Նախիջեւանի մէջ նոր ընդհանուր հիւպատոս նշանակած է: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այդ պաշտօնին նշանակուած է Ազիզ Մանսուրին, որ պիտի փոխարինէ Սայետ Ահմետ Հուսէյնին: Ըստ հաղորդումին, «նոր ընդհանուր հիւպատոսը Թաւրիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Արեւելեան Ազրպէյճանի նահանգապետին հետ, յայտարարած, որ պատրաստ է համագործակցելու Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգին հետ` Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման...

Քուպայի Նախագահը 23 Տարուան Մէջ  Առաջին Անգամ Ըլլալով Կ՛այցելէ Իրան

Քուպայի Նախագահը 23 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Կ՛այցելէ Իրան

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ առաւօտեան Թեհրանի մէջ ընդունած է իր քուպացի պաշտօնակից Միկել Տիազ Քանելը: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Դիմաւորման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Թեհրանի հիւսիսը գտնուող Սաատապատ մշակութային համալիրին մէջ: Քուպայի նախագահը այցելած է Թեհրան` երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ բանակցութիւններ վարելու Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Միկել Տիազ Քանելի Թեհրան այցելութիւնը առաջինն է Քուպայի հանգուցեալ...

Փեքինի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ճինփինկ-Լուքաշենքօ  Նախատեսուածէն 3 Անգամ Երկար Տեւած Հանդիպումը

Փեքինի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ճինփինկ-Լուքաշենքօ Նախատեսուածէն 3 Անգամ Երկար Տեւած Հանդիպումը

Չինաստանի ղեկավար Շի Ճինփինկ հանդիպում ունեցած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ չինական «Սինհուա» լրատու գործակալութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահը բանակցութիւններու ժամանակ նշած է, որ միակ գլխաւոր հարցը, որ պիտի ուզէր քննարկել, երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման նախանշուած ծրագիրներու իրականացման արագութիւնն է: «Երբ ես կը պատրաստուէի այս այցելութեան եւ գործընկերներուս կը հարցնէի, թէ ի՛նչ հարցեր...

Երրորդ Ուժգին Երկրաշարժ Մը  Հարուածած Է Ֆիլիփինը

Երրորդ Ուժգին Երկրաշարժ Մը Հարուածած Է Ֆիլիփինը

Ֆիլիփինի ափերուն մօտ տեղի ունեցած է 6,9 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած է Եւրոպական-միջերկրածովեան երկրաբանական կեդրոնը: Ստորգետնեայ ցնցումներուն կեդրոնը գտնուած է Թակօ քաղաքէն 44 քիլոմեթր դէպի արեւելք, իսկ օճախը եղած է 31 քիլոմեթր խորութեան վրայ: Կիրակի օր Ֆիլիփինի մէջ տեղի ունեցած էր 6,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը, որուն օճախը 63 քիլոմեթր խորութեան...

«Միացեալ Նահանգներ Կազայի Սահմաններու  Փոփոխութիւն Կամ Պաղեստինցիներու  Տեղահանում Պիտի Չարտօնէ»  Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը

«Միացեալ Նահանգներ Կազայի Սահմաններու Փոփոխութիւն Կամ Պաղեստինցիներու Տեղահանում Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը

Ուաշինկթըն ոչ մէկ պարագայի պիտի արտօնէ Կազայէն պաղեստինցիներու հարկադիր տեղահանում կամ շրջանի սահմաններու վերաձեւում: Այս մասին Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս: «Փոխնախագահը նաեւ քննարկած է Միացեալ Նահանգներու` Կազայի հատուածին մէջ յետհակամարտային ծրագրաւորման վերաբերող գաղափարները, ներառեալ` անոր վերականգնման, անվտանգութեան ապահովման եւ կառավարման ջանքերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Հարիս ընդգծած է, որ պաղեստինեան...

Ֆիլիփինի Մէջ Ս. Պատարագի Ընթացքին Կաթողիկէ Եկեղեցի Մը Ականահարուեցաւ

Ֆիլիփինի Մէջ Ս. Պատարագի Ընթացքին Կաթողիկէ Եկեղեցի Մը Ականահարուեցաւ

Ֆիլիփինի մէջ կաթողիկէ եկեղեցիի մը մէջ Ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցած ռումբի պայթումին հետեւանքով արձանագրուած է չորս զոհ: Այս մասին հաղորդեց «Կարտիըն»-ը: Դէպքը տեղի ունեցած է երկրին հարաւը գտնուող Մարաւի քաղաքին մէջ: Պայթումը խուճապ յառաջացուցած է հաւաքուած հաւատացեալներուն մօտ: Պայթումին հետեւանքով 50 մարդ դարմանմումի համար փոխադրուած են հիւանդանոց: Իշխանութիւնները կատարուածը որակած են իսլամական ահաբեկչութիւն:

Էրտողան Կը Մերժէ Համասի Հետ Յարաբերութիւնները Խզելու Ուաշինկթընի Կոչերը

Էրտողան Կը Մերժէ Համասի Հետ Յարաբերութիւնները Խզելու Ուաշինկթընի Կոչերը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մերժեց Միացեալ Նահանգներու` Համասի հետ յարաբերութիւնները խզելու կոչերը: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի ահաբեկչութեան եւ ելեւմտական հարցերու տեղեկահաւաքի հարցերով օգնական Պրայըն Նելսըն անցեալ շաբաթ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Համասի հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն նկատմամբ Ուաշինկթընի «խոր» մտահոգութիւնը յայտնած էր: Ան նշած էր, որ Անգարա նախապէս օգնած է Համասի ֆինանսաւորման, եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած էր գումարներու հաւանական ապագայ փոխանցումներուն...

«Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են  Ամրապնդելու  Ուքրանիոյ` Ռուսիոյ Յարձակումը  Զսպելու Ունակութիւնը»  Կ՛ըսէ Փենթակոնի Ղեկավարը

Օսթին. «Միացեալ Նահանգներ Աշխարհի Հզօրագոյն Երկիրն Են Եւ Ռուսիոյ Ու Համասին Պիտի Չարտօնեն Յաղթել»

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ պիտի չարտօնեն Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ յաղթել, Համասին` Իսրայէլի դէմ պատերազմին մէջ յաղթել, եւ պիտի շարունակեն երկուքին ալ օգնել: Այս մասին ըսած է Փենթակոնի ղեկավար Լոյտ Օսթին` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները «աշխարհի հզօրագոյն երկիրն են», իսկ ամերիկեան բանակը «աշխարհի վրայ ամէնէն ուժեղն է»: «Մենք նաեւ պիտի չարտօնենք, որ մեր թշնամիները մեզ պառակտեն կամ թուլացնեն», ըսած է ան:...

«ՕԹԱՆ-ը Այս Շաբաթ Պիտի Պատասխանէ Անվտանգութեան Վերաբերեալ Ռուսական Առաջարկներուն» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Սթոլթենպերկ. «Ուքրանիան Վտանգաւոր Կացութեան Մէջ Է. Պէտք Է Վատ Նորութիւններուն Պատրաստուինք»

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի կարծիքով` Ուքրանիոյ համար կացութիւնը կրնայ վատթարանալ, եթէ Արեւմուտքը չաւելցնէ զէնքի մատակարարումները: Անոր կարծիքով` Քիեւ «վտանգաւոր կացութեան մէջ» կը գտնուի: «Մենք պէտք է պատրաստուինք վատ նորութիւններուն», ըսած է Սթոլթենպերկ գերմանական «Տաս Էրսթ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Տագնապները փուլերով կը զարգանան: Սակայն մենք պէտք է Ուքրանիոյ աջակցինք թէ՛ վատ, թէ՛ ալ լաւ ժամանակներուն մէջ», աւելցուցած է...

Ֆիլիփինի Մէջ Երկու Օրուան Մէջ Երկու Ուժեղ Երկրաշարժ

Ֆիլիփինի Մէջ Երկու Օրուան Մէջ Երկու Ուժեղ Երկրաշարժ

Երէկ Ֆիլիփինի մէջ տեղի ունեցած է 6,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Այս մասին հաղորդեց Եւրոպական միջերկրածովեան երկրաբանական կեդրոնը: Երկրաշարժի օճախը գտնուած է 63 քիլոմեթր խորութեան վրայ: Ստորգետնեայ ցնցումները զգացուած են Պութուան քաղաքէն 148 քիլոմեթր դէպի արեւելք եւ Պիսլիկ քաղաքէն 59 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք: Երկրաբանական կեդրոնի տուեալներով` այդ երկրաշարժէն քանի մը ժամ առաջ նոյն տարածքին մէջ արձանագրուած է 4,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը:...

Page 179 of 882 1 … 178 179 180 … 882

Արխիւներ