Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Ուքրանիան, Անկասկած, ՕԹԱՆ-ին Պիտի Միանայ, Եթէ…»

December 14, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ բանակցութիւններէ ետք ըսած է, որ Ուքրանիան, անկասկած, պիտի միանայ ՕԹԱՆ-ին, սակայն անոր անդամակցութեան հարցը պիտի քննարկուի Ռուսիոյ հետ պատերազմին մէջ յաղթանակէն ետք:

Ըստ Պայտընի, Ուքրանիոյ` դաշինքին համարկուելու մասին խօսակցութիւնը այժմ տեղին չէ, որովհետեւ ամբողջ ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացուի ինքնին տագնապին վրայ:

«Անկասկած, ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիոյ ապագային մէջ պիտի ըլլայ: Սակայն, ինչպէս արդէն Վիլնիուսի մէջ ըսինք, Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի անդամ պիտի դառնայ, երբ բոլոր դաշնակիցները համաձայնին, եւ պայմանները կատարուին: Այժմ մենք պէտք է համոզուինք, որ Ուքրանիան պատերազմին մէջ պիտի յաղթէ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը` Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ Սպիտակ տան մէջ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու դիմում ներկայացուցած է սեպտեմբեր 2022-ին: Յուլիսին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունեցած դաշինքի վեհաժողովէն ետք որոշուած է, որ երկիրը պիտի միանայ ՕԹԱՆ-ին, երբ ատոր համար անհրաժեշտ պայմանները կատարուին:

Ուքրանական «Սթրանա» կայքը հաղորդեց, որ Պայտըն ծիծաղած է ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօք ան կ՛ուզէ՞, որ Ուքրանիան Ռուսիոյ դէմ պատերազմին մէջ յաղթէ: Անոր այդ արտասովոր արձագանգի տեսանիւթը հրապարակած են լրագրողները` Սպիտակ տան մէջ Ուքրանիոյ նախագահին հետ մամլոյ ասուլիսէն ետք:

«Այո՞, թէ՞ ոչ», իր հարցումին յստակ պատասխան պահանջած է յամառ լրագրողը, սակայն Պայտըն աչքերը փակած է եւ սկսած ծիծաղիլ:

Զելենսքին իր կարգին Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ արդեօք Ուքրանիան կրնա՞յ առանց Միացեալ Նահանգներու օգնութեան յաղթել:

Այս մասին «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ յայտնած է «Պլումպըրկ»-ի լրագրող Ճենիֆըր Ճէյքըպզ:

«Ես Զելենսքիին Օղակաձեւ աշխատասենեակին մէջ Պայտընի հետ հանդիպման ժամանակ հարցուցի, թէ արդեօք ան կրնա՞յ Ռուսիոյ յաղթել առանց Միացեալ Նահանգներու լրացուցիչ օգնութեան: Ան պատասխանեց լռութեամբ` թեթեւակի ուսերը թօթուելով», գրած է ան:

Ծանօթ է, որ Պայտըն կը պնդէ, որ Քոնկրեսը Ուքրանիոյ տրամադրուող օգնութիւնը հաստատէ տօնական օրերէն առաջ:

«Այն որոշումները, որոնք մենք հիմա կ՛որդեգրենք, պիտի ձեւաւորեն ապագան գալիք տասնամեակներուն համար, յատկապէս Եւրոպայի մէջ», Զելենսքիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Պայտըն:

Ուքրանիոյ Զինուորական Օժանդակութեան
Նոր Փաթեթը Կրնայ Վերջիններէն Մէկը Ըլլալ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի ուղղուած հաղորդագրութիւն մը նշեց. «Ուքրանիոյ զինուորական օժանդակութիւններու նոր փաթեթը կրնայ վերջիններէն մէկը դառնալ, եթէ Քոնկրես Քիեւի կարիքներուն յաւելեալ ֆինանսաւորման հաւանութիւն չտայ»:

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Մելամաղձոտ Իրականութիւն` «Երազներու Թատրոն»-ին Մէջ

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Կազայի Մէջ Մարդասիրական Զինադադար Հաստատելու Կոչ Ուղղող Բանաձեւ Մը Որդեգրեց

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.