Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու 50 Վայրկեան Տեւողութեամբ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Փութինի Հետ

Դեկտեմբեր 11, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց. «Վարչապետը երկարատեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին աւելցուց. «Երկու կողմերուն միջեւ զրոյցը շուրջ 50 վայրկեան տեւեց»:

Երկու ղեկավարները վերջին անգամ զրուցած էին հոկտեմբերի կիսուն:

Քրեմլին հաղորդեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ուշադրութեան կեդրոն եղած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի գօտիին մէջ տիրող կացութիւնը, մասնաւորաբար Կազայի մէջ տիրող աղէտալի մարդասիրական կացութիւնը:

Փութին հաստատած է ահաբեկչութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով չընդունելու եւ դատապարտելու իր սկզբունքային դիրքորոշումը:

«Միեւնոյն ժամանակ, չափազանց կարեւոր է, որ ահաբեկչական սպառնալիքներուն հակազդելը խաղաղ բնակչութեան համար նման սարսափելի հետեւանքներու չյանգեցնէ», կը նշուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսական կողմը պատրաստ է ցուցաբերելու կարելի բոլոր օգնութիւնները` մեղմացնելու խաղաղ բնակիչներու տառապանքը եւ թուլացնելու տագնապը:

Բացի ատկէ, կողմերը փոխադարձ հետաքրքրութիւն արտայայտած են շարունակելու համագործակցութիւնը Ռուսիոյ քաղաքացիներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներու տարհանման, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացիներու ազատ արձակման հարցերուն շուրջ:

Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու հաղորդակցութիւնները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Պէյրութ` 82-91

Յաջորդը

Ապպաս Բուռն Կերպով Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգները

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?