Հունգարիան արգելակած է Ուքրանիոյ 50 միլիառ եւրոյի ֆինանսական աջակցութիւնը: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ատիկա տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու շուրջ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններու սկսելու մասին համաձայնութիւն հասնելէն քանի մը ժամ ետք:
«Երեկոյեան նիստի ամփոփում. Ուքրանիոյ լրացուցիչ գումար տալու վեթօ», յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարներու բանակցութիւններէն ետք:
Եւրոպական Միութեան ղեկավարները յայտարարած են, որ Քիեւին օգնութեան տրամադրման շուրջ բանակցութիւններուն պիտի սկսին յաջորդ տարուան սկիզբը:
Ուքրանիան նաեւ Միացեալ Նահանգներէն կը սպասէ 61 միլիառ տոլարի լրացուցիչ ֆինանսական աջակցութիւն, սակայն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը առայժմ չի հաստատեր այդ թղթածրարը:
Ուքրանիան Ռուսիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններուն մէջ մեծապէս կախեալ է Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու ֆինանսաւորումէն:
Ֆինանսաւորումը արգելակելէ ժամեր առաջ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները որոշած էին Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ միութեան անդամակցելու շուրջ բանակցութիւններ սկսիլ, ինչպէս նաեւ Վրաստանին տուած էին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ:
Հունգարիան, որ Ռուսիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններ ունի, նախապէս դէմ արտայայտուած էր Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, սակայն վեհաժողովի ժամանակ չէ արգելակած Քիեւի հետ բանակցութիւններ սկսելու որոշումը:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Օրպան դուրս եկած է դահլիճէն, ինչ որ, ըստ երեւոյթին, համաձայնուած եղած է, իսկ Եւրոպական Միութեան 26 ղեկավարները կատարած են քուէարկութիւնը: Ուքրանիոյ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները սկսելու որոշումը միաձայնութեամբ որդեգրուած է:


