Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Ռուսիան չէ յաջողած գրաւել Ուքրանիոյ ոչ մէկ բնակավայր: Այս մասին 12 դեկտեմբերին ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին:
«Մեզի համար շատ դժուար էր, սակայն կարեւորագոյնը հասկնալն է, թէ Ռուսիան այս մէկ տարուան ընթացքին ոչ մէկ գիւղ, ոչ մէկ ուքրանական բնակավայր գրաւած է», ընդգծած է Ուքրանիոյ նախագահը:
Անոր համաձայն, Ուքրանիան միայն մէկ թշնամի ունի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
«Մենք միայն մէկ թշնամի ունինք` Փութինը, եւ վերջ: Մենք իսկապէս կը պաշտպանենք ժողովրդավարութիւնը, մենք իսկապէս կը պաշտպանենք ազատութիւնը», ըսած է Զելենսքի: