Միջազգային

Հիւսիսային Քորէան Միջցամաքային Թեւաւոր Հրթիռ Արձակած Է

Հիւսիսային Քորէան Միջցամաքային Թեւաւոր Հրթիռ Արձակած Է

Հիւսիսային Քորէան երէկ արձակած է միջցամաքային թեւաւոր հրթիռ, որուն թռիչքը եղած է 73 վայրկեան: «Վետոմոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ճափոնի պաշտպանութեան փոխնախարար Սինկօ Միաքէ: Անոր համաձայն, այս ընթացքին հրթիռը 6 հազար քիլոմեթր թռիչքի առաւելագոյն բարձրութեան վրայ անցած է հազար քիլոմեթր տարածութիւն: Սովորական յետագիծով արձակուելով անոր հասողութիւնը կրնայ գերազանցել 15 հազար քիլոմեթրը, այսինքն` ծածկել Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքը:...

Ասատով. «Պաքուն Վճռական Է Շարունակելու Ջանքերը Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Անվտանգութեան Ամրապնդման Համար»

Ասատով. «Պաքուն Վճռական Է Շարունակելու Ջանքերը Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Անվտանգութեան Ամրապնդման Համար»

Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս արտայայտել Ազրպէյճանի վճռականութիւնը` շարունակելու շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման համար ջանքերը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով: «Հաշուի առնելով վերջին շրջանին ստացուած դրական ազդակները` չափազանց կարեւոր կը նկատենք այս ուղղութեամբ կառուցողական երկխօսութեան շարունակութիւնը: Այս...

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Միջեւ Ռեշթ-Ասթարա Երկաթուղիի Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի Յունուարին

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Միջեւ Ռեշթ-Ասթարա Երկաթուղիի Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի Յունուարին

Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիի շինարարութիւնը պիտի սկսի յաջորդ ամիս: Այս մասին կը հաղորդեն իրանեան լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան փոխնախարար Շահրիար ԷՖենտիզատէն: Ան նշած է, որ Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիի 162 քիլոմեթրնոց հատուածը այս պահուս Իսլամական Հանրապետութեան կարեւորագոյն երկաթուղային նախագիծն է: Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղագիծը Ասթարա-Ռեշթ-Քազուին փոխադրամիջոցային միջանցքին մէկ մասն է, որ Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ երկաթուղիները պիտի միացնէ: Անիկա նաեւ...

«Առանց Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական  Միութեան Ֆինանսաւորման Ուքրանիան  1-2 Ամիս Կը Դիմանայ»  Կ՛ըսէ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Ղեկավարը

«Առանց Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Ֆինանսաւորման Ուքրանիան 1-2 Ամիս Կը Դիմանայ» Կ՛ըսէ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Ղեկավարը

Առանց ֆինանսաւորման Քիեւը մէկ-երկու ամիս կը դիմանայ: Այս մասին «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Միջազգային դրամական ֆոնտի նախագահ Քրիսթալինա Կէօրկիեւա: «Որովհետեւ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան տակաւին կը վիճին ֆինանսաւորման թղթածրարի վերաբերեալ, Ուքրանիոյ տնտեսական վերածնունդը կրնայ յայտնուիլ սպառնալիքի տակ», նշած է ան: Հետագայ ձգձգումները կրնան Քիեւին ստիպել վերադառնալ ապակայունացնող քաղաքականութեան, ինչպիսին է դրամներու տպագրումը, ինչպէս ան կատարած է...

Եւրոպական Միութիւնը Կրնայ  Հունգարիան Զրկել Քուէի Իրաւունքէն

Եւրոպական Միութիւնը Կրնայ Հունգարիան Զրկել Քուէի Իրաւունքէն

Որոշ եւրոպացի պաշտօնատարներ քննարկած են Հունգարիան քուէի իրաւունքէն զրկելու կարելիութիւնը, որպէսզի Ուքրանիոյ օգնութեան նոր թղթածրարի շուրջ համաձայնութեան գան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը` վկայակոչելով աղբիւրներ: Ըստ վերջիններուս, Եւրոպական Միութեան մասին պայմանագիրը կը պարունակէ կէտ մը, որ կ՛արտօնէ եւրոպական օրէնսդրութեան խախտման պատճառով երկիրը զրկել քուէի իրաւունքէն: Բրիտանական օրաթերթը կը բացատրէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրը քուէի իրաւունքէն զրկելու հոլովոյթը կրնայ...

«ՄԱԿ-ը Հետզհետէ Նուազ Արդիւնաւէտ Կը Դառնայ  Առանց Ապահովութեան Խորհուրդի Բարեփոխումներուն»  Կ՛ըսէ Հնդկաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«ՄԱԿ-ը Հետզհետէ Նուազ Արդիւնաւէտ Կը Դառնայ Առանց Ապահովութեան Խորհուրդի Բարեփոխումներուն» Կ՛ըսէ Հնդկաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բարեփոխումներու յառաջընթացի բացակայութիւնը կը վնասէ աշխարհին, համաշխարհային կազմակերպութիւնը հետզհետէ նուազ արդիւնաւէտ կը դառնայ համաշխարհային մարտահրաւէրները դիմակայելու հարցին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքարը: «Ապահովութեան խորհուրդը նման է հին ակումբի, որ ունի հաստատուած անդամներ, եւ անոնք չեն ուզեր կորսնցնել վերահսկողութիւնը: Անոնք կ՛ուզեն վերահսկել ակումբը, անոնք չեն ուզեր...

Հունգարիան Կը Սպառնայ Արգելակել  Պուլկարիոյ Շենկենի Գօտի Մուտքը

Հունգարիան Կը Սպառնայ Արգելակել Պուլկարիոյ Շենկենի Գօտի Մուտքը

Հունգարիան սպառնացած է արգելակել Պուլկարիոյ Շենկենի գօտի մուտքը, եթէ այդ երկիրը չջնջէ ռուսական կազի տարանցման վճարումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Մենք յստակացուցած ենք պուլկարացիներուն, որ եթէ անոնք շարունակեն ատիկա պահպանել, եթէ երկար ժամանակով վտանգեն Հունգարիոյ ուժանիւթի մատակարարման ապահովութիւնը, մենք վեթոյի պիտի ենթարկենք անոնց Շենկենի գօտի մուտքը», յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ: Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի...

Քուէյթի Իշխանը Մահացաւ. Երկրին Ղեկը Ստանձնեց Գահաժառանգը

Քուէյթի Իշխանը Մահացաւ. Երկրին Ղեկը Ստանձնեց Գահաժառանգը

Շաբաթ օր 86 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ Քուէյթի Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սուպահ իշխանը: Քուէյթի պետական պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ օր յանկարծ դադրեցուց իր սովորական յայտագիրները եւ սկսաւ Քորանէն ընթերցումներ սփռել: Աւելի ուշ իշխանի գրասենեակի հարցերով նախարար Մոհամետ Ապտալլա Մուպարաք Սուպահ յայտնեց. «Մենք կը սգանք շաբաթ օր կեանքէն հեռացած Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սուպահ իշխանի մահը: Նոյեմբերի վերջաւորութեան լուր տարածուած էր, որ իշխանը առողջական...

Նեթանիահու. «Օսլոյի Սխալները Պիտի Չկրկնենք. Կազան Ապազինուած Եւ Իսրայէլի Վերահսկողութեան Տակ Պիտի Ըլլայ»

Նեթանիահու. «Օսլոյի Սխալները Պիտի Չկրկնենք. Կազան Ապազինուած Եւ Իսրայէլի Վերահսկողութեան Տակ Պիտի Ըլլայ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Համասի ոչնչացումէն ետք, Կազան ապազինուած եւ Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլայ»: «Օսլոյի սխալները պիտի չկրկնենք, եւ անգամ մը եւս պիտի չարտօնենք գոյութիւնը միջավայրի մը, ուր պաղեստինցիներու զաւակները կը մեծնան Իսրայէլին վերջ տալու մշակոյթով», ըսաւ ան: Նեթանիահու յայտարարեց, որ իրենք «ինչպէս երբեւէ յանձնառու» են պատերազմին` աւելցնելով, որ վճռականօրէն մինչեւ վերջ պիտի...

Սպիտակ Տուն. «Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Միացեալ Նահանգներու Վրայ Հիւլէական Որեւէ Յարձակում Քիմի Վարչակարգին Վախճանին Պիտի Յանգեցնէ»

Սպիտակ Տուն. «Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Միացեալ Նահանգներու Վրայ Հիւլէական Որեւէ Յարձակում Քիմի Վարչակարգին Վախճանին Պիտի Յանգեցնէ»

Ամերիկեան իշխանութիւնները վերստին զգուշացուցին Հիւսիսային Քորէան, թէ Միացեալ Նահանգներու վրայ որեւէ հիւլէական յարձակումի «(Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար) Քիմ Եոնկ Ընի վարչակարգի վախճան»-ին պիտի յանգեցնէ: Սպիտակ տունը հրապարակեց ամերիկեան-հարաւային քորէական հիւլէական խորհրդատուական խմբակի միացեալ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նաեւ կը նշուի, թէ Փիոնկեանկի կողմէ Հարաւային Քորէայի վրայ որեւէ հիւլէական յարձակում «արագ, զգետնիչ եւ վճռական հակադարձութեան պիտի արժանանայ»: Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ...

Փութին Կը Զգուշացնէ Ֆինլանտան

Փութին Կը Զգուշացնէ Ֆինլանտան

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զգուշացուցած է Ֆինլանտան «խնդիրներէ», որոնք չէ յստակացուցած, եւ յայտնած է, որ հրահանգած է նոր ռազմական շրջան ստեղծել հիւսիսային այդ երկրի սահմանակից շրջաններուն մէջ: Փութին «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանի «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդման ժամանակ լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Ֆինլանտան ներքաշեցին ՕԹԱՆ-ի մէջ: Ինչ է, մենք Ֆինլանտայի հետ վէճե՞ր ունեցած ենք: Բոլոր վէճերը, ներառեալ տարածքային...

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի  Հաշտեցումը Հիմնուած Է Եռակողմ  Համաձայնագիրներու Վրայ. Պէտք Է Խուսափիլ  Միջնորդական Ջանքերու Կրկնութենէն»

«3+3» Ձեւաչափի Դռները Տակաւին Բաց Են Վրաստանի Առջեւ

Ազրպէյճանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը ենթադրող «3+3» ձեւաչափը հասանելի է Վրաստանին, ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին: «Մեր վրացի դրացիներուն համար «3+3» ձեւաչափի դռները միշտ բաց են, երբ եւ եթէ անոնք պատրաստ զգան մասնակցիլ, մնացած բոլոր հինգ երկիրները, վստահ եմ, կ՛ողջունեն այդ քայլը», նշած է ան: Միխայիլ Կալուզինը նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսիան կը շարունակէ...

Պապի Նախկին Խորհրդականը 200 Միլիոն Եւրոյի Իւրացման Գործով Դատապարտուած Է 5,5 Տարի Բանտարկութեան

Պապի Նախկին Խորհրդականը 200 Միլիոն Եւրոյի Իւրացման Գործով Դատապարտուած Է 5,5 Տարի Բանտարկութեան

Վատիկանի դատարանը Ֆրանչիսկոս պապի նախկին խորհրդական կարտինալ Անճելօ Պեչիան դատապարտած է 5,5 տարի բանտարկութեան եւ 8 հազար եւրօ տուգանքի` Վատիկանի ֆոնտերը կառավարելու գործով: Կարտինալ Պեչիան դարձած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ ամէնէն բարձրաստիճան հոգեւորականը, որուն Վատիկանի քրէական դատարանը դատած է: Ըստ «Վաթիքըն Նիուզ»-ի, քրէական գործը կը վերաբերի Լոնտոնի կեդրոնին մէջ իբրեւ ներդրումի նուիրատուութիւններու միջոցով շինութեան գնման: Կարտինալ Պեչիան կը մեղադրուի 200 միլիոն...

Ազրպէյճան Արտակարգ Նախագահական Ընտրութեան Համար Նաեւ Բռնագրաւեալ Արցախի Մէջ Ընտրատեղամասեր Պիտի Ստեղծէ

Ազրպէյճան Արտակարգ Նախագահական Ընտրութեան Համար Նաեւ Բռնագրաւեալ Արցախի Մէջ Ընտրատեղամասեր Պիտի Ստեղծէ

Ազրպէյճանը արտակարգ նախագահական ընտրութեան համար ընտրատեղամասեր պիտի ստեղծէ նաեւ բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի, Ասկերանի, Իւանեանի եւ Մարտակերտի մէջ: ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Մազահիր Փանահով նշած է, որ նոր ընտրատեղամասեր պիտի ստեղծուին «Խանքենդիի, Խոջալուի, Ասկերանի եւ Ագտերէի մէջ»: «Ազրպէյճանցի ընտրողը առաջին անգամ պիտի քուէարկէ Խանքենդիի մէջ (Ստեփանակերտ, «Ա.»), այս օրը պիտի մնայ պատմութեան մէջ: Խանքենդիի մէջ ինքնին այն...

Պայտըն Էրտողանի Հետ Քննարկած Է  Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը

Պայտըն Էրտողանի Հետ Քննարկած Է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկած են Շուէտը ՕԹԱՆ-ի մէջ ընդունելու հոլովոյթը եւ հետագայ հաղորդակցութիւնները: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը: «Նախագահ Ճօ Պայտըն զրուցած է Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանի հետ: Անոնք քննարկած են ՕԹԱՆ-ի ամրապնդման կարեւորութիւնը, ներառեալ Շուէտը իբրեւ դաշնակից շուտափոյթ ընդունելու եւ ՕԹԱՆ-ի...

Ուաշինկթըն Պատժամիջոցներ Հաստատած Է  Թուրքիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն  Եւ Չինաստանէն Անձերու Եւ Կազմակերպութիւններու Դէմ

Ուաշինկթըն Պատժամիջոցներ Հաստատած Է Թուրքիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Եւ Չինաստանէն Անձերու Եւ Կազմակերպութիւններու Դէմ

Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ հաստատած են հարիւրաւոր անձերու եւ կազմակերպութիւններու դէմ, ներառեալ Չինաստանի, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, Ռուսիոյ պատժամիջոցներէն խուսափելու, անոր ապագայ ուժանիւթային ներուժի, դրամատուներու եւ մետաղներու ու հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատժամիջոցներ հաստատած են աւելի քան 250 ֆիզիքական անձերու եւ կազմակերպութիւններու դէմ: «Մենք պիտի...

Իրանն Ու Սէուտական Արաբիան Մօտիկ Ապագային  Պիտի Վերականգնեն Ուղիղ Կանոնաւոր Թռիչքները

Իրանն Ու Սէուտական Արաբիան Մօտիկ Ապագային Պիտի Վերականգնեն Ուղիղ Կանոնաւոր Թռիչքները

Իրանի քաղաքացիական թռիչքներու կազմակերպութեան ղեկավար Մոհամետ Մոհամետիպախշը յայտնած է, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ուղիղ կանոնաւոր թռիչքները պիտի սկսին մօտիկ ապագային: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ»-ը: Ըստ լրատուամիջոցին, շուտով դէպի Սէուտական Արաբիա ուխտագնացութեան թռիչքներ պիտի կատարուին երկու ներքին օդանաւային ընկերութիւններու կողմէ: Մոհամետիպախշ նշած է, որ օդանաւային թռիչքներու ոլորտին մէջ երկկողմանի կապերու ամրապնդման զուգահեռ շուտով պիտի վերսկսին երկու երկիրներուն...

Սալիվըն. «Պիտի Ըլլայ Պատերազմի Նոր Փուլ Մը, Որ Պիտի Կեդրոնանայ Համասի Ղեկավարներու Թիրախաւորման Վրայ»

Սալիվըն. «Պիտի Ըլլայ Պատերազմի Նոր Փուլ Մը, Որ Պիտի Կեդրոնանայ Համասի Ղեկավարներու Թիրախաւորման Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն, որ հինգշաբթի օր Իսրայէլ հասած էր եւ հանդիպում ունեցած Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, յայտնեց. «Պիտի ըլլայ պատերազմի նոր փուլ մը, որ պիտի կեդրոնանայ Համասի ղեկավարներու թիրախաւորման վրայ»: Ան նաեւ նշեց. «Իսրայէլի մէջ զինուորական նուազ բուռն գործողութեան անցում կատարելու վերաբերեալ արժեքաւոր քննարկումներ կատարեցինք»: «Իսրայէլացի ղեկավարներու հետ պիտի կեդրոնանանք գործողութիւններուն բնոյթին եւ օգտագործուող զինամթերքի...

Սպիտակ Տուն. «Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Յայտնուինք Այնպիսի Կացութեան Մէջ, Որ Պիտի Չկարենանք Օգնել Ուքրանիոյ»

Սպիտակ Տուն. «Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Յայտնուինք Այնպիսի Կացութեան Մէջ, Որ Պիտի Չկարենանք Օգնել Ուքրանիոյ»

Միացեալ Նահանգները նախկինին պէս կը կարծեն, որ տարեվերջին այլեւս պիտի չկարենան օգնել Ուքրանիոյ, եթէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը նոր միջոցներ յատկացնելու մասին որոշում չտայ: Այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարին Ժան Փիեռ: «Ինչպէս արդէն յայտնած ենք, մինչեւ տարեվերջ մենք պիտի յայտնուինք այնպիսի կացութեան մէջ, որ պիտի չկարենանք Ուքրանիոյ օգնել», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է ան` հաստատելով ամերիկեան վարչակազմի`...

Վրաստանը Եւրոպական Միութեան Թեկնածու Երկիրի Կարգավիճակ Ստացաւ, Իսկ Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովայի Հետ Անդամակցութեան Բանակցութիւնները Պիտի Սկսին

Վրաստանը Եւրոպական Միութեան Թեկնածու Երկիրի Կարգավիճակ Ստացաւ, Իսկ Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովայի Հետ Անդամակցութեան Բանակցութիւնները Պիտի Սկսին

Եւրոպական խորհուրդը որոշած է սկսիլ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները, իսկ Վրաստանին անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ շնորհած է: Այս մասին «Էսք»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել: Ան նաեւ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Պոսնիոյ հետ բանակցութիւնները պիտի սկսի, երբ ձեռք բերուի անդամակցութեան չափանիշներուն համապատասխան ըլլալու անհրաժեշտ աստիճանը, նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովը հրաւիրեց մինչեւ մարտ հաշուետուութիւն ներկայացնելու`...

Page 177 of 882 1 … 176 177 178 … 882

Արխիւներ