Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ Ռիտա Աշթիանի յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ մեծ խնդիրներ պիտի դիմագրաւէ, եթէ Կարմիր ծովուն մէջ միջազգային ուժ ստեղծել ուզէ»:
«Կարմիր ծովուն վրայ վերահսկողութիւն ունինք, եւ բոլոր երկիրները այդտեղ ներկայ են, եւ ոչ ոք կրնայ այդտեղ խուսանաւում կատարել», նշած է Աշթիանի: