Միջազգային

Այսօր Չեխիոյ Մէջ Սուգի Օր Է

Այսօր Չեխիոյ Մէջ Սուգի Օր Է

Չեխիոյ մէջ այսօր սուգի օր է` ի յիշատակ Փրակայի Քարլի համալսարանին մէջ զինեալ անձի յարձակումի զոհերուն: «Շաբաթ օր սուգի օր է: Պետական շէնքերու բոլոր դրօշները կիսակայմ պիտի ծածանուին, իսկ կէսօրին մէկ վայրկեան լռութեամբ պիտի յարգենք զոհուածներու յիշատակը», ըսած է Չեխիոյ վարչապետ Փեթր Ֆիալան: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ մարզական եւ մշակութային շարք մը ձեռնարկներ յետաձգուած են: Հինգշաբթի ուշ գիշերէն քաղաքացիները մոմեր...

Օրպան. «Շուէտի Հարցին Մէջ  Թուրք-Հունգարական Համաձայնութիւն Չկայ»

Օրպան. «Շուէտի Հարցին Մէջ Թուրք-Հունգարական Համաձայնութիւն Չկայ»

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան անցնող տարին ամփոփող մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պնդած է, թէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմումը չվաւերացնելու հարցին մէջ թուրք-հունգարական համաձայնութիւն չկայ: «Երկու երկիրները իրարմէ անկախ որոշում կու տան», հաւաստած է ան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Օրպան վերստին հաստատած է Ուքրանիոյ վերաբերեալ իր տեսակէտները: Ան Քիեւին Եւրոպական Միութեան կողմէ 50 միլիառ եւրօ օգնութեան արգելակումը ճիշդ նկատած...

Պաղեստինեան Խմբաւորումները Մերժեցին  Իսրայէլեան Յարձակումի Ամբողջական  Դադրեցումէն Առաջ Բանակցիլ

Պաղեստինեան Խմբաւորումները Մերժեցին Իսրայէլեան Յարձակումի Ամբողջական Դադրեցումէն Առաջ Բանակցիլ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բացառեց նախքան Իսրայէլի «բոլոր նպատակներու», նախ եւ առաջ պաղեստինեան Համաս շարժումի «ոչնչացման» իրականացումը Կազայի մէջ որեւէ զինադադարի հաստատումը: Նեթանիահու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Պիտի չդադրինք կռուելէ, մինչեւ իրականացումը մեր ճշդած բոլոր նպատակներուն` Համասի ոչնչացումը, անոր մօտ գտնուող գերիներու ազատումը եւ Կազայէն եկող սպառնալիքին վերջ տալը»: Ան նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը Կազայի մէջ «ամէն տեղ» կը կռուին...

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգները Գրեթէ  Ժամանակ Եւ Գումար Չունին Ուքրանիոյ Օգնելու»

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգները Գրեթէ Ժամանակ Եւ Գումար Չունին Ուքրանիոյ Օգնելու»

Միացեալ Նահանգներ գործնականին մէջ սպառած է Ուքրանիոյ օգնութիւն ցուցաբերելու իր կարելիութիւնները, ուստի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է հաւանութիւն տայ Քիեւին նոր յատկացումներ կատարելու: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տարեվերջեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: «Մենք գրեթէ սպառած ենք (Քիեւին աջակցելու համար) մեզի անհրաժեշտ գումարները, եւ մենք գրեթէ ժամանակ չունինք», ըսած...

Մոլտովան Ուքրանիոյ Դէմ Արձակուած Ռուսական  Հրթիռներու Իր Օդային Տարածքի Իրերայաջորդ  Ոտնահարումներուն Հետեւելու Համար  Ռատարի Համակարգ Ստանձնած Է

Մոլտովան Ուքրանիոյ Դէմ Արձակուած Ռուսական Հրթիռներու Իր Օդային Տարածքի Իրերայաջորդ Ոտնահարումներուն Հետեւելու Համար Ռատարի Համակարգ Ստանձնած Է

Մոլտովայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ մէջ թիրախներու դէմ արձակուած ռուսական հրթիռներու` երկրին օդային տարածքին իրերայաջորդ ոտնահարման լոյսին տակ ռատարի համակարգ ստանձնած է: Մոլտովայի պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Նոսաթի իր երկրին ստանձնած ռատարը Մոլտովայի օդային պաշտպանութեան համար «կենսական» որակեց: «Մեր երկրի օդային տարածքի ոտնահարման վերջին դէպքերը իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Մոլտովայի Հանրապետութեան պաշտպանական կարողութիւնները ամրապնդելու հրատապ կարիքին վրայ», ըսաւ ան: Քիշնեւ սեպտեմբերին...

Դանիան Կը Միանայ Կարմիր Ծովուն Մէջ Ամերիկեան  Ղեկավարութեամբ Միջազգային Դաշինքին

Դանիան Կը Միանայ Կարմիր Ծովուն Մէջ Ամերիկեան Ղեկավարութեամբ Միջազգային Դաշինքին

Դանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ Դանիան պիտի միանայ Կարմիր ծովուն մէջ յարձակումներու դիմակայման համար միջազգային ծովային դաշինքին, որ Միացեալ Նահանգներ կը կազմեն: Դանիան այդպիսով կը միանայ Պահրէյնին, Քանատային, Ֆրանսային, Իտալիոյ, Նետերլանտներուն, Նորվեկիոյ, Սեշելեան կղզիներուն, Սպանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն: Հուսիները սպառնացած են իրենց դէմ թշնամական արարք կատարող երկիրներուն նաւերը եւս թիրախաւորել:

Քաթարի Եւ Եգիպտոսի Միջնորդութեամբ  Բանակցութիւններ` Նոր Գործարքի Շուրջ

Քաթարի Եւ Եգիպտոսի Միջնորդութեամբ Բանակցութիւններ` Նոր Գործարքի Շուրջ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական խորհրդատու Անուար Քըրքաշ յայտնեց, որ իր երկիրը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման որոշումի որդեգրման համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ շարունակական ջանքեր կը թափէ: Քըրքաշ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ էմիրաթական շարունակուող ջանքեր կան` հրապարակելու համար որոշում մը Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ աննախադէպ մարդասիրական աղէտին արձագանգումը ամրապնդելու համար: Միջազգային ընտանիքը պէտք է նոյնիսկ...

Պորել. Եւրոպական Միութիւնը Աւելի Մեծ Օգնութիւն  Ցուցաբերած Է Ուքրանիոյ, Քան Միացեալ Նահանգները.  Սակայն Յստակ Չէ` Արդեօք Այդ Օգնութիւնը Պիտի Շարունակուի՞»

Պորել. Եւրոպական Միութիւնը Աւելի Մեծ Օգնութիւն Ցուցաբերած Է Ուքրանիոյ, Քան Միացեալ Նահանգները. Սակայն Յստակ Չէ` Արդեօք Այդ Օգնութիւնը Պիտի Շարունակուի՞»

Եւրոպական Միութիւնը ընդհանուր առմամբ շատ աւելի մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է Ուքրանիոյ, քան Միացեալ Նահանգները, սակայն այժմ հարց կը յառաջանայ` արդեօք նման օգնութիւնը ապագային կրնա՞յ շարունակուիլ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել: Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութեան երկիրները երկկողմանի համաձայնութիւններու եւ խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի միջոցով Ուքրանիոյ գրեթէ 30 միլիառ եւրոյի զինուորական...

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Քիեւի  Ապագային Շուրջ Ուքրանիոյ, Ամերիկայի  Եւ Եւրոպայի Հետ Բանակցելու»

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Քիեւի Ապագային Շուրջ Ուքրանիոյ, Ամերիկայի Եւ Եւրոպայի Հետ Բանակցելու»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Ռուսիան պատրաստ է Ուքրանիոյ ապագային շուրջ Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հետ բանակցելու, եթէ ատիկա կը փափաքին, սակայն Մոսկուան իր ազգային շահերը յառաջ պիտի մղէ: Փութին պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան հետ Մոսկուայի մէջ ունեցած ժողովի մը ընթացքին յայտնեց. «Ուքրանիոյ, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերողները կը փափաքի՞ն բանակցիլ: Թող ատիկա ընեն:...

«Ուքրանիոյ Օժանդակութեան Թղթածրարի  Որդեգրումը Այս Տարի Տեղի Պիտի Չունենայ»  Կ՛ըսեն Ծերակոյտին Մէջ Կուսակցական Ղեկավարները

«Ուքրանիոյ Օժանդակութեան Թղթածրարի Որդեգրումը Այս Տարի Տեղի Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսեն Ծերակոյտին Մէջ Կուսակցական Ղեկավարները

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին պալատի` Ծերակոյտին մէջ Դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր եւ Հանրապետական փոքրամասնութեան ղեկավար Միչ Մաքոնըլ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Ուքրանիոյ 61 միլիառ տոլար արժողութեամբ օժանդակութեան թղթածրարի որդեգրումը այս տարի տեղի պիտի չունենայ, եւ յոյս յայտնեցին, որ ատիկա տեղի ունենայ յառաջիկայ տարուան սկիզբը: Անոնք այդ մասին յայտարարեցին հակառակ Սպիտակ տան պնդումին, որ այդ օգնութիւնը պէտք է...

Իսրայէլի Նախագահ. Պատրաստ Ենք  Մարդասիրական Մէկ Այլ Զինադադարի Հաստատման

Իսրայէլի Նախագահ. Պատրաստ Ենք Մարդասիրական Մէկ Այլ Զինադադարի Հաստատման

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ երէկ յայտնեց. «Պատրաստ ենք առեւանգեալներու ազատ արձակման արտօնման համար մարդասիրական մէկ այլ զինադադարի հաստատման»: Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք իր կարգին յայտնեց. «Քաթարի հետ պատանդներու ազատ արձակման գործարքը շարունակելու վերաբերեալ երկխօսութիւն կը կատարենք»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա յայտարարեց. «Ֆրանսան որոշեց կարգ մը իսրայէլացի ծայրայեղական բնակեցուածներու դէմ ազգային քայլեր որդեգրել»: «Կրցայ աչքովս տեսնել այն բռնարարքները, որոնք...

Փենթակոն. «Հուսիներու Յարձակումները Համաշխարհային Առեւտուրի Ազատութեան Սպառնալիք Են»

Փենթակոն. «Հուսիներու Յարձակումները Համաշխարհային Առեւտուրի Ազատութեան Սպառնալիք Են»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Հուսիներու` Կարմիր ծովուն մէջ առեւտրական նաւերու վրայ յարձակումները համաշխարհային առեւտուրի ազատութեան սպառնալիք կը ներկայացնեն»: Փենթակոնի բանբերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին, որ շրջան կ՛այցելէ, դատապարտեց հուսիներու յարձակումները եւ զանոնք «աննախադէպ ու անընդունելի որակեց»: Օսթին նշեց, որ յարձակումները կը սպառնան ազատ առեւտուրի հոսքին եւ անմեղ նաւաստիները վտանգի կ՛ենթարկէ: Միացեալ Նահանգներու...

«Մենք Յաջողեցանք Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կացութիւնը Հանդարտեցնել»  Կ՛ըսէ Շոյկու

Շոյկու. «Ռուսական Զօրախումբին Առջեւ Դրուած Է Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Պահպանման Խնդիրը»

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմերը Սուրիոյ եւ Ղարաբաղի մէջ կը շարունակեն մնալ խաղաղութեան հիմքն ու երաշխաւորը: Այս մասին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի ընդլայնուած կազմով նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու: «Ռուսական զօրախումբին առջեւ դրուած է յաջորդ տարի Սուրիոյ եւ Ղարաբաղի մէջ` փոխուող կացութեան պայմաններու մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման խնդիրը», աւելցուցած է Շոյկու:

Էրտողան ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Շուէտի Դիմումի  Վաւերացումը Կապած Է «Էֆ-16»-ներու Գործարքին

Էրտողան ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Շուէտի Դիմումի Վաւերացումը Կապած Է «Էֆ-16»-ներու Գործարքին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիոյ ամերիկեան «Էֆ-16» հալածիչներու վաճառքի դրական քայլը եւ Քանատայի կողմէ զէնքի վաճառքի արգելքի չեղեալ նկատուիլը Թուրքիոյ խորհրդարանին պիտի օգնեն յառաջընթացի հասնելու Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը վաւերացնելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Էրտողան այս մասին լրագրողներուն ըսած է Հունգարիայէն վերադառնալու ճամբուն վրայ` նշելով, որ «այդ բոլորը իրարու կապուած են»: ՕԹԱՆ-ի անդամ...

Չինաստանի Մէջ Ուժգին Երկրաշարժ.  Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Չինաստանի Մէջ Ուժգին Երկրաշարժ. Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Չինաստանի հիւսիս-արեւմուտքը ուժգին երկրաշարժի պատճառով նախնական տուեալներով արձանագրուած է 118 զոհ եւ աւելի քան 500 վիրաւոր: Երկրաշարժը տեղի ունեցած է շուրջ կէս գիշերին Կանսու նահանգին մէջ: Այնտեղ հարիւրէ աւելի մարդ զոհուած է: Զոհեր կան նաեւ դրացի Ցինհայ նահանգին մէջ: Երկրաշարժին պատճառով երկու նահանգներուն մէջ ալ տուներ եւ ենթակառոյցներ վնասուած են: Որոշ շրջաններու մէջ խափանուած են ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարումները: Ընդհանուր...

Փութին. «Պատմութիւնը Ամէն Ինչ Իր Տեղը Կը Դնէ,  Սակայն Ռուսիան Պիտի Չհրաժարի  Եւ Պիտի Չզիջի Իր Սեփականէն»

Փութին. «Պատմութիւնը Ամէն Ինչ Իր Տեղը Կը Դնէ, Սակայն Ռուսիան Պիտի Չհրաժարի Եւ Պիտի Չզիջի Իր Սեփականէն»

Ռուսիան պիտի չմիջամտէ Ուքրանիոյ Արեւմուտքին մէջ տարածքային վէճերու լուծման, պատմութիւնը ինք ամէն ինչ իր տեղը կը դնէ, սակայն Ռուսիան սեփականը պիտի չզիջի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմի ընդլայնուած նիստի ժամանակ: Ռուսիոյ ղեկավարը նշած է, որ Արեւմտեան Ուքրանիոյ բազմաթիւ բնակիչներ կ՛ուզեն, որ իրենց տարածքները վերադարձուին Լեհաստանին, Ռումանիոյ կամ Հունգարիոյ,...

Օսթին. «Ուաշինկթըն Պայմաններ Կամ Ժամանակացոյցեր Պիտի Չպարտադրէ Կազայի Մէջ Իսրայէլեան Զինուորական Գործողութիւններուն Գծով»

Օսթին. «Ուաշինկթըն Պայմաններ Կամ Ժամանակացոյցեր Պիտի Չպարտադրէ Կազայի Մէջ Իսրայէլեան Զինուորական Գործողութիւններուն Գծով»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին երէկ այցելեց Իսրայէլ: Ան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Թել Աւիւ էջք կատարելով` ես պիտի հանդիպիմ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ պատերազմական խորհուրդի հետ` վերահաստատելու Իսրայէլի հանդէպ Ամերիկայի անսասան հաւատարմութիւնը, քննարկելու Համասի ոչնչացման ուղղութեամբ Իսրայէլի գործողութիւնները, ընդգծելու խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ ապահովելու մարդասիրական օգնութեան հոսքը Կազա»:   Իսրայէլ այցելութենէն...

Փութին. «Կ՛ակնկալեմ Դեկտեմբերի Վերջը Հանդիպիլ ԱՊՀ-ի Անդամ Երկիրներու Ղեկավարներուն Հետ»

Փութին. «Կ՛ակնկալեմ Դեկտեմբերի Վերջը Հանդիպիլ ԱՊՀ-ի Անդամ Երկիրներու Ղեկավարներուն Հետ»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ կ՛ակնկալէ դեկտեմբերի վերջը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք ոչ պաշտօնական հանդիպումին ժամանակ հանդիպիլ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Կ՛ուզեմ խնդրել ձեզ փոխանցել իմ ջերմագոյն ողջոյններս ձեր պետութիւններու ղեկավարներուն, որոնց ես կ՛ակնկալեմ տեսնել շատ շուտով` դեկտեմբերի վերջին` Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ԱՊՀ-ի անդամ...

Պլինքըն-Ֆիտան Հեռաձայնային Զրոյց

Պլինքըն-Ֆիտան Հեռաձայնային Զրոյց

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըրի, Պլինքըն եւ Ֆիտան քննարկած են Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմը` կարեւոր նկատելով Կազայի մէջ մարդասիրական օգնութեան յաւելումը: Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները նաեւ շեշտած են կարելի եղածին չափ շուտ...

Համացանցային Յարձակումի Պատճառով Թեհրանի Մէջ Վառելանիւթի Բազմաթիւ Կայարաններ Դադրեցան Գործելէ

Համացանցային Յարձակումի Պատճառով Թեհրանի Մէջ Վառելանիւթի Բազմաթիւ Կայարաններ Դադրեցան Գործելէ

Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ վառելանիւթի բազմաթիւ կայարաններ երէկ առաւօտեան դադրեցան գործելէ: Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թեհրանի մէջ վառելանիւթի բազմաթիւ կայարաններու ծառայութիւնը խափանուած է: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Իսրայէլին առնչուած համացանցահէններու խմբակ մը ստանձնած է Թեհրանի մէջ յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Միւս կողմէ, Համացանցի իսրայէլեան ազգային ծառայութիւնը հաղորդեց. «Իրան եւ Հըզպալլա կը կանգնին երեք շաբաթ առաջ «Զէյֆ»...

Page 176 of 882 1 … 175 176 177 … 882

Արխիւներ