Դանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ Դանիան պիտի միանայ Կարմիր ծովուն մէջ յարձակումներու դիմակայման համար միջազգային ծովային դաշինքին, որ Միացեալ Նահանգներ կը կազմեն:
Դանիան այդպիսով կը միանայ Պահրէյնին, Քանատային, Ֆրանսային, Իտալիոյ, Նետերլանտներուն, Նորվեկիոյ, Սեշելեան կղզիներուն, Սպանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն:
Հուսիները սպառնացած են իրենց դէմ թշնամական արարք կատարող երկիրներուն նաւերը եւս թիրախաւորել:


