Միացեալ Նահանգներ գործնականին մէջ սպառած է Ուքրանիոյ օգնութիւն ցուցաբերելու իր կարելիութիւնները, ուստի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է հաւանութիւն տայ Քիեւին նոր յատկացումներ կատարելու: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տարեվերջեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:
«Մենք գրեթէ սպառած ենք (Քիեւին աջակցելու համար) մեզի անհրաժեշտ գումարները, եւ մենք գրեթէ ժամանակ չունինք», ըսած է ան:
Պլինքըն այդ ուղղութեամբ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է կարելի եղածին չափ արագ քննարկէ Ուքրանիոյ նոր օգնութիւն յատկացնելու հարցը:
«Շուէտ Շուտով Պիտի Միանայ ՕԹԱՆ-ին»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ Շուէտ շուտով պիտի միանայ ՕԹԱՆ-ին, ինչ որ պիտի նպաստէ դաշինքի «ներուժի ամրապնդման»:
Անոր համաձայն,` Հիւսիսատլանտեան դաշինքը 2023 թուականին «աւելի մեծ եւ հզօր» դարձած է:
«Այս տարի ՕԹԱՆ-ին միացած է 31-րդ անդամը` Ֆինլանտան, իսկ շուտով պիտի միանայ Շուէտը, ինչ որ պիտի ամրապնդէ պաշտպանական դաշինքի կարելիութիւնները եւ մեծցնէ ներուժը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնած է այն կարծիքը, որ «Ռուսիա զինուորական, տնտեսական եւ դիւանագիտական առումով տկարացած է»:
Ըստ Պլինքընի, Միացեալ Նահանգներ մտադիր են շարունակել աշխարհի երկիրները դրդել աջակցելու Ուքրանիոյ եւ ճնշում գործադրելու Ռուսիոյ վրայ:


