Մոլտովայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ մէջ թիրախներու դէմ արձակուած ռուսական հրթիռներու` երկրին օդային տարածքին իրերայաջորդ ոտնահարման լոյսին տակ ռատարի համակարգ ստանձնած է:
Մոլտովայի պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Նոսաթի իր երկրին ստանձնած ռատարը Մոլտովայի օդային պաշտպանութեան համար «կենսական» որակեց:
«Մեր երկրի օդային տարածքի ոտնահարման վերջին դէպքերը իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Մոլտովայի Հանրապետութեան պաշտպանական կարողութիւնները ամրապնդելու հրատապ կարիքին վրայ», ըսաւ ան:
Քիշնեւ սեպտեմբերին յայտարարեց գոյութիւնը ֆրանսական «Թալիս» ընկերութեան արտադրած «Կրաունտ Մասթըր 200» տիպի (Ճի.Էմ.200) ռատարի համակարգ գնելու ծրագիրի մասին:
Մինչեւ 250 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ օդանաւերուն թռիչքները հսկելու կարողութիւնը ունեցող ռատարը կարելի է նաեւ համարկել օդային պաշտպանութեան համակարգին մէջ:


