Չեխիոյ մէջ այսօր սուգի օր է` ի յիշատակ Փրակայի Քարլի համալսարանին մէջ զինեալ անձի յարձակումի զոհերուն:
«Շաբաթ օր սուգի օր է: Պետական շէնքերու բոլոր դրօշները կիսակայմ պիտի ծածանուին, իսկ կէսօրին մէկ վայրկեան լռութեամբ պիտի յարգենք զոհուածներու յիշատակը», ըսած է Չեխիոյ վարչապետ Փեթր Ֆիալան:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ մարզական եւ մշակութային շարք մը ձեռնարկներ յետաձգուած են:
Հինգշաբթի ուշ գիշերէն քաղաքացիները մոմեր կը վառեն եւ ծաղիկներ կը զետեղեն համալսարանի շէնքին մօտ:
Չեխիոյ նախագահ Փեթր Փաւել իր «տխրութիւնն» ու «զայրոյթը» յայտնած է «կեանքի անհարկի կորուստներուն համար»:
Ըստ Չեխիոյ ոստիկանութեան, Քարլի համալսարանին մէջ երէկ Չեխիոյ ժամանակացոյցով ժամը 15:00-ին տեղի ունեցած կրակոցներու պատճառով առնուազն 15 մարդ զոհուած է, առնուազն 24-ը` վիրաւորուած: Կրակողը համալսարանի արուեստի կաճառի 24 տարեկան ուսանող էր: Ան անկանոն կրակած է շէնքի միջանցքներուն եւ դասարաններուն մէջ:
«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ ենթադրեալ յանցագործը, որ, ըստ ոստիկանութեան, «չէզոքացուած է», կը կասկածուի նաեւ իր հօր սպանութեան համար եւ հաւանաբար առնչութիւն ունի նաեւ անցեալ շաբաթ երկու մարդու մահուան հետ:
«Պի.Պի.Սի.»-ն, վկայակոչելով ոստիկանութիւնը, կը նշէ, որ զինեալ ուսանողը նախապէս քրէական անցեալ չէ ունեցած, թէեւ ոստիկանութիւնը «զէնքի եւ զինամթերքի հսկայական զինանոց» յայտնաբերած է:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ոստիկանութիւնը կրակոցներէն առաջ հաղորդում ստացած է, որ կասկածելին մօտակայ քաղաքէն կը մեկնի Փրակա` ենթադրաբար անձնասպանութեան մտադրութեամբ: Կարճ ժամանակ ետք տղամարդու հօր դիակը յայտնաբերած են:


