Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ երէկ յայտնեց. «Պատրաստ ենք առեւանգեալներու ազատ արձակման արտօնման համար մարդասիրական մէկ այլ զինադադարի հաստատման»:
Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք իր կարգին յայտնեց. «Քաթարի հետ պատանդներու ազատ արձակման գործարքը շարունակելու վերաբերեալ երկխօսութիւն կը կատարենք»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա յայտարարեց. «Ֆրանսան որոշեց կարգ մը իսրայէլացի ծայրայեղական բնակեցուածներու դէմ ազգային քայլեր որդեգրել»:
«Կրցայ աչքովս տեսնել այն բռնարարքները, որոնք անոնք կը գործեն, եւ այդ հարցը անընդունելի է», աւելցուց Քոլոնա:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ Իսրայէլի պատերազմական խորհուրդի նիստի ընթացքին բուռն բանավէճ տեղի ունեցած է Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիրի եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հարցի Հալեվիի միջեւ:
Պեն Ղաֆիր պահանջած է փոխել Ժենինի մզկիթին մէջ հրէական աղօթքներ կատարած զինուորներուն դէմ որդեգրուած պատժական տնօրինումները` աւելցնելով, որ որոշումը քաղաքական իշխանութեան կը պատկանի:
Հալեւի պատասխանած է. «Դուն կը սխալիս: Ես կ՛որոշեմ, թէ բանակին մէջ ի՛նչը բարոյական է եւ ի՛նչը` ոչ, ինծի մի՛ սպառնար»:


