Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Շուէտի Դիմումի Վաւերացումը Կապած Է «Էֆ-16»-ներու Գործարքին

December 20, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիոյ ամերիկեան «Էֆ-16» հալածիչներու վաճառքի դրական քայլը եւ Քանատայի կողմէ զէնքի վաճառքի արգելքի չեղեալ նկատուիլը Թուրքիոյ խորհրդարանին պիտի օգնեն յառաջընթացի հասնելու Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը վաւերացնելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Էրտողան այս մասին լրագրողներուն ըսած է Հունգարիայէն վերադառնալու ճամբուն վրայ` նշելով, որ «այդ բոլորը իրարու կապուած են»:

ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան եւ Հունգարիան մինչեւ հիմա չեն վաւերացուցած Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը:

Այդ երկու երկիրները սերտ դաշնակիցներ են: Անոնք երկկողմանի յարաբերութիւնները կը գնահատեն ռազմավարական: Էրտողանի միօրեայ այցելութեան ընթացքին գումարուած է Թուրք-հունգարական ռազմավարական համագործակցութեան բարձր մակարդակի խորհուրդի հերթական նիստը:

Նիստին յաջորդած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան ըսած է, որ առանց Թուրքիոյ Հունգարիոյ մէջ անվտանգութիւն չ՛ըլլար:

Էրտողան Օրպանին թրքական արտադրութեան ելեկտրական ինքնաշարժ նուիրած է, իսկ Օրպանը Էրտողանին «Արիսթոքրաթ» անունով ձի նուիրած է:

Ասիկա վերջին չորս ամսուան ընթացքին Էրտողանի Պուտափեշտ երկրորդ այցելութիւնն է:

Միլլըր. «Քոնկրեսին Մէջ Թուրքիոյ «Էֆ-16»-ներու Վաճառքը
Կը Կապեն Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Միանալու Հարցին Մէջ Անգարայի Դիրքորոշման»

«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դէմ չէ Թուրքիոյ «Էֆ-16» հալածիչներու վաճառքին, սակայն Անգարային կը յիշեցնէ, որ Քոնկրեսը հարցը կը կապէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին միանալու խնդիրին հետ:

«Մենք, մեր կարգին, կ՛աջակցինք Թուրքիոյ «Էֆ-16»-ներու վաճառքին (…): Սակայն Քոնկրեսին մէջ կան մարդիկ, որոնք կ՛ըսեն, թէ վաճառքը կարելի պիտի ըլլայ միայն Թուրքիոյ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հաւանութիւն տալէն ետք: Եւ մենք Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք` կարելի եղածին չափ արագ ատիկա ընելու», ըսած է Միլլըր:

Նախորդը

Չինաստանի Մէջ Ուժգին Երկրաշարժ. Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Շոյկու. «Ռուսական Զօրախումբին Առջեւ Դրուած Է Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Պահպանման Խնդիրը»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.