Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըրի, Պլինքըն եւ Ֆիտան քննարկած են Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմը` կարեւոր նկատելով Կազայի մէջ մարդասիրական օգնութեան յաւելումը:
Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները նաեւ շեշտած են կարելի եղածին չափ շուտ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցելուն կարեւորութիւնը: