Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բացառեց նախքան Իսրայէլի «բոլոր նպատակներու», նախ եւ առաջ պաղեստինեան Համաս շարժումի «ոչնչացման» իրականացումը Կազայի մէջ որեւէ զինադադարի հաստատումը:
Նեթանիահու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Պիտի չդադրինք կռուելէ, մինչեւ իրականացումը մեր ճշդած բոլոր նպատակներուն` Համասի ոչնչացումը, անոր մօտ գտնուող գերիներու ազատումը եւ Կազայէն եկող սպառնալիքին վերջ տալը»:
Ան նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը Կազայի մէջ «ամէն տեղ» կը կռուին Համասի զինեալներուն դէմ, եւ «ան, որ կը կարծէ, որ պիտի դադրինք, իրականութենէն անջատուած է… Բուռն կրակոցով ամէն օր կը կռուինք Համասի դէմ, ներառեալ այսօր»` աւելցնելով. «Յարձակում կը գործենք անոնց մեղսակիցներուն վրայ, ըլլան անոնք մօտիկ, թէ հեռու»:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, որ Իսրայէլի կողմէ ներկայացուած գործարքը կը ներառէ զինադադարի օրերու երկարաձգում եւ վտանգաւոր արգելափակեալներու ազատ արձակում աւելցնելով. «Իսրայէլ պատանդներու ազատ արձակում առաջարկեց, եւ Համաս մերժեց զայն քննարկել առանց ամբողջական զինադադարի հաստատման»:
Իսրայէլեան աղբիւրներ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Համաս շարժումը զինադադարի հաստատման վրայ կը պնդէ եւ պատրաստ չէ ժամանակաւոր զինադադարի հաստատումը: Աղբիւրները օրաթերթին ըսած են. «Համաս կարծր դիրքորոշում ունի եւ ոչ իրատեսական պահանջներ կը ներկայացնէ»` աւելցնելով. «Իսրայէլի մէջ նախատեսութիւնները այն են, որ գերիներու վերաբերեալ նոր գործարքը յունուարի առաջին շաբթուընէ առաջ պիտի չհասուննայ»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» իր կարգին հաղորդեց, որ Համաս մերժած է 40 գերիներու, ներառեալ կիներու եւ մանուկներու ազատ արձակման դիմաց Կազայի մէջ մէկ շաբթուան զինադադար հաստատելու Իսրայէլի առաջարկը:
Օրաթերթը, վկայակոչելով եգիպտացի պաշտօնատարները, կը հաղորդէ, որ մերժուած առաջարկին համաձայն, Համասը պէտք է ազատ արձակէր նաեւ տարեց գերիները, որոնք շտապ բժշկական օգնութեան կարիք ունին: Ատոր դիմաց Իսրայէլը մէկ շաբաթով պիտի դադրեցնէր Կազայի մէջ օդային եւ ցամաքային գործողութիւնները եւ պիտի արտօնէր աւելցնել դէպի Կազա մարդասիրական օգնութեան ներհոսքը:
Սակայն Համասն ու Իսլամական ժիհատը եգիպտացի միջնորդներուն ըսած են, որ Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ Կազայի մէջ իր յարձակումը, նախքան որ անոնք որեւէ գործարք քննարկեն: Բացի ատկէ, Իսլամական ժիհատը Իսրայէլէն պահանջած է ազատ արձակել բոլոր պաղեստինցի բանտարկեալները, որպէսզի իրենք իրենց կարգին ազատ արձակեն մնացեալ բոլոր գերիները, որոնց թիւը կը գնահատուի շուրջ 100-ով: Սակայն Իսրայէլ յայտարարած է, որ պիտի չդադրեցնէ զինուորական գործողութիւնները, եւ այս պայմանը բանակցութիւններու սկիզբ չէ:
Համասի ղեկավարները հրապարակաւ յայտարարած են, որ իրենք գերիները ազատ պիտի արձակեն միայն մնայուն զինադադարի դիմաց:
Պաղեստինեան խմբաւորումները երէկ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին. «Գոյութիւն ունի պաղեստինեան ազգային որոշում, թէ գերիներու կամ փոխանակման գործարքներու մասին կարելի է խօսիլ միայն յարձակումի ամբողջական դադրեցումէն ետք»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ յայտնեց. «Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը առաջնահերթութիւն է, որպէսզի կարենանք օժանդակութիւնները փոխադրել»:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն Կիպրոս այցելութեան ընթացքին զօրակցեցաւ մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման համար Կիպրոսի եւ Կազայի միջեւ ծովային միջանցքի բացման` «Իսրայէլի հետ համակարգումով»:
Ան Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանթինոս Քոմփոսի հետ հանդիպումէն ետք շեշտեց «օժանդակութիւնները լաւապէս խուզարկելու» կարեւորութիւնը` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք այս միջանցքին ճամբով Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու արագ ուղի ստեղծել»:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարեց. «Պիտի աշխատինք Իսմայիլ Հանիէն ու Խալետ Մեշաալը ահաբեկել, եւ անոնք բնական մահով պիտի չմահանան»:
Քոհեն իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ընդգծեց. «Քաղաքական քննարկման վերջին արդիւնքներուն հիման վրայ զինուորական գործողութիւններու կշռոյթի նուազեցման մասին խօսք չկայ գոնէ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին»:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Ֆրանս 5» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը Կազայի մէջ ամէն բան քանդել չի նշանակեր»` վերահաստատելով իր կոչը հաստատելու «զինադադար մը, որ մարդասիրական դրդապատճառներով զինադադարի կ՛առաջնորդէ»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Պէտք է պատերազմական խորհուրդը լուծարել: Ժամանակն է իշխանութիւնը ընդլայնուած կառավարութեան վերադարձնելու»:


