Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին երէկ այցելեց Իսրայէլ:
Ան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Թել Աւիւ էջք կատարելով` ես պիտի հանդիպիմ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ պատերազմական խորհուրդի հետ` վերահաստատելու Իսրայէլի հանդէպ Ամերիկայի անսասան հաւատարմութիւնը, քննարկելու Համասի ոչնչացման ուղղութեամբ Իսրայէլի գործողութիւնները, ընդգծելու խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ ապահովելու մարդասիրական օգնութեան հոսքը Կազա»:
Իսրայէլ այցելութենէն ետք Օսթին յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պայմաններ կամ ժամանակացոյց պիտի չպարտադրէ Կազայի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութեան գծով: Ան նկատել տուաւ, որ Համաս անգամ մը եւս պէտք չէ կարողութիւնը ունենայ Կազայէն Իսրայէլ «ահաբեկչութիւն արտածելու»:
«Մենք կը շարունակենք Իսրայէլը մղել պաշտպանելու քաղաքայինները եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները մտցնելու Կազա, ինչպէս նաեւ պէտք է դադրեցնել հրեայ ծայրայեղական վերաբնակիչներուն յարձակումները Այսրյորդանանի մէջ», ըսաւ Օսթին` աւելցնելով. «Քննարկեցինք Համասէն ետք Կազայի ապագան եւ վերանորոգեցինք մեր կոչերը երկու պետութիւններու լուծումը կիրարկելու»:
Նշենք, որ Օսթին մէկ շաբթուան ընթացքին Իսրայէլ այցելող երկրորդ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարն է: Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն 14 դեկտեմբերին այցելած էր Թել Աւիւ, իսկ յաջորդ օրը` Ռամալլա:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Մոսատի ղեկավարը քաղաքական ղեկավարութենէն կանաչ լոյս ստացած է միջնորդներուն հետ նոր գործարքի մը շուրջ բանակցութիւններ կատարելու:
Կայանը աւելցուց, որ Մոսատի ղեկավարը «մօտ օրէն Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ գերիներու փոխանակման նոր գործարքի շուրջ բանակցութիւններու ծիրին մէջ եւրոպական երկրի մը մէջ դարձեալ հանդիպում պիտի ունենայ Քաթարի վարչապետին հետ»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը նաեւ հաղորդեց, որ կառավարութեան մէջ գերիներու թղթածրարի պատասխանատուն իսրայէլացի գերիներու ընտանիքներէն պահանջած է դադրեցնել իրենց բողոքի ցոյցերը: Վերջիններս յայտարարած են, որ կը շարունակեն իրենց նստացոյցը, մինչեւ գերիներու փոխանակման գործարքի նոր ուղղութեան մը յայտարարումը:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հարցի Հալեւի ընդունեց, որ իր զինուորները Կազայի մէջ սխալմամբ երեք իսրայէլացի գերիներ սպաննած են, հակառակ ճերմակ դրօշ բարձրացուցած ըլլալնուն: «Կը մաղթեմ, որ մեզի ընծայուի այլ առիթ մը, ուր առեւանգեալներ մեզի գան, եւ մենք ճիշդ ձեւով վարուինք», աւելցուց ան: Ան դէպքը որակեց «դժուար եւ ցաւալի»:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի քաղաքական վերլուծաբան Նահում Պեռնիա, սակայն, յայտնեց, որ իսրայէլացի երեք գերիներու իսրայէլեան բանակին կողմէ սպանութիւնը «ողբերգութիւն չէ, այլ ոճիր»: Իսրայէլեան այլ օրաթերթերու վերլուծաբաններ եւս նոյնպիսի կարծիքներ յայտնեցին:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ ձերբակալուած հարիւրաւոր անձեր կը պահէ Նեկեւի մէջ Պիր Սապաայի մօտ գտնուող զինուորական ճամբարի մը մէջ, ուր անոնցմէ մէկ քանին մահացած է, եւ բանակը կը յայտնէ, որ անոնց մահուան շուրջ հետաքննութիւն պիտի կատարէ:
«Բանակը մեծ մասամբ գերիներուն աչքերն ու ձեռքերը կապուած կը պահէ», կը նշէ օրաթերթը:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ իսրայէլեան «Ուայնեթ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին կոչ ուղղեց` Կազայի մէջ պատերազմի ընթացքին խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելով Պենիամին Նեթանիահուն հեռացնելու իշխանութենէն` նշելով, որ Իսրայէլ չի կրնար պատերազմը դադրեցնել:
Լափիտ յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը պէտք չէ առանձին վերադառնայ Կազա, այլ` Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքային ղեկավարման մասնակցութեամբ, մինչ Իսրայէլ պէտք է վերահսկէ շրջանի անվտանգութեան:
Ըստ անոր, երկու պետութիւններու ստեղծումով լուծումը «մեզմէ շատ հեռացաւ: Պաղեստինցիները մեզ կ՛ատեն եւ կ՛ուզեն, որ անհետանանք: Պաղեստինեան ազգային շարժումը երբեք մեր գոյութիւնը չէ ընդունած, ուստի պաղեստինցիներուն հետ որեւէ լուծում պէտք է ուժի դիրքէ ըլլայ»:
Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք երէկ նշեց. «Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմին մէջ շատ կեանքեր կորսուեցան, եւ տագնապը պէտք եղածէն աւելի շարունակուիլը ոչ ոք կ՛ուզէ»:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Քան» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է Համասի ղեկավարներու գաղտնի հանդիպումը:
«Քան»-ի համաձայն, հանդիպումին համար Լիբանանէն Թուրքիա մեկնած է Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Սալեհ Արուրին, իսկ Քաթարէն` պաղեստինեան շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախկին ղեկավար Խալետ Մեշաալը:
Անգարան երաշխաւորած է այդ երկու ղեկավարներուն անվտանգութիւնը եւ հանդիպման գաղտնիութիւնը:
Դէմ առ դէմ հանդիպում կատարելու որոշումին պատճառը առցանց բանակցութիւններուն իսրայէլեան հետախուզական ծառայութիւններու հաւանական միջամտութեան մտավախութիւնը եղած է: