Մոսկուայի մէջ հաւաքուած պաղեստինեան խմբաւորումները, որոնց շարքին` Համասը, Ֆաթհն ու Ժիհատ Իսլամին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռուսիոյ ղեկավարութեան իրենց «դրական ու շինիչ մթնոլորտի մէջ ընթացած» ժողովները հիւրընկալելուն համար:
Անոնք յայտնեցին, որ իրենց ժողովները պիտի շարունակուին յաջորդական երկխօսութեան փուլերով` հասնելու համար համապարփակ ազգային միասնականութեան, որ կը ներառէ «պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական միակ ներկայացուցիչ» Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) մաս կազմող պաղեստինեան բոլոր ուժերն ու խմբաւորումները:
Պաղեստինեան խմբաւորումները յայտարարեցին, որ համաձայնութիւն գոյացուցած են պաղեստինցի ժողովուրդի հրատապ հարցերուն եւ անոնց իրագործման համար աշխատանքի միաւորման շուրջ:
Իբրեւ առաջնահերթ խնդիր անոնք նշեցին. «Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ ու մասնակցութեամբ իսրայէլեան ոճրային յարձակումին, ինչպէս նաեւ Կազայի, Այսրյորդանանի ու Երուսաղէմի մէջ անոր շղթայազերծած ցեղասպանական պատերազմին դէմ դնելը»:
Հաղորդագրութիւնը շեշտեց պաղեստինցի ժողովուրդը իր հայրենիքէն, մասնաւորաբար Կազայէն, Այսրյորդանանէն եւ Երուսաղէմէն տեղահանելու փորձերուն «դիմադրելու, զանոնք դադրեցնելու եւ ձախողութեան մատնելու» կարեւորութիւնը:
Պաղեստինեան խմբաւորումները նաեւ որոշեցին վերացնել Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ հաստատուած շրջափակումը: Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ համաձայնութիւն գոյացուցած են իսրայէլեան բանակին ստիպել Կազայէն հեռանալ, արգելք հանդիսանալ Կազայի որեւէ մասին վրայ իր բռնագրաւումը կամ վերահսկողութիւնը ամրագրելու փորձերուն եւ կառչիլ պաղեստինեան բոլոր հողերու միութեան:
Անոնք մերժեցին պաղեստինցի ժողովուրդէն ինքնորոշման, լիարժէք գերիշխանութեան, ազատ ու անկախ պետութիւն ստեղծելու իրաւունքը խլելու ծիրին մէջ Կազան Այսրյորդանանէն անջատելու փորձերը:


