Թուրքիոյ կարծիքով, Ռուսիան եւ Ուքրանիան հասած են այն սահմանագիծին, որուն կարելի էր հասնիլ զինուորական ճամբով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան` Մոսկուային ու Քիեւին կոչ ուղղելով բանակցութեան սեղանի շուրջ նստելու:
«Մեր դիրքորոշումը այն է, որ երկու կողմերը արդէն հասած են այն սահմանագիծին, որուն կարելի է հասնիլ զինուորական ճամբով: Մենք կը կարծենք, որ այժմ եկած է զինադադարի շուրջ երկխօսութիւն կատարելու ժամանակը», ըսած է Ֆիտան: