Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կազայի Մէջ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար Ժամանակի Դէմ Մրցում Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

Փետրուար 29, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը Ֆրանսա իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Կազայի մէջ զինադադարի դիւանագիտական մղումին իբրեւ մաս գերիներու ազատ արձակման ապահովման համար ժամանակի դէմ մրցում գոյութիւն ունի»:

«Տոհան ու Փարիզը աշխուժ կերպով կ՛աշխատին Կազայի հարցով դիւանագիտութեան վրայ», սակայն իշխանը նաեւ զգուշացուց հետզհետէ աճող մարդկային կորուստներէն` նշելով, որ աշխարհը կը տեսնէ «պաղեստինցի ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը»:

Շէյխ Թամիմ նշեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ «սովը, բռնի տեղահանութիւնն ու վայրագ ռմբակոծումը իբրեւ զէնք կ՛օգտագործուին»:

Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը չկրցաւ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու եւ մանուկներուն, կիներուն ու քաղաքայիններուն նուազագոյն պաշտպանութիւնը ապահովելու վերաբերեալ միացեալ կեցուածք որդեգրել:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Միջնորդները յայտնեցին, որ (Կազայի կացութեան) հանդարտեցման եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի 10 մարտէն առաջ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ կը յուսայ, որ մինչեւ երկուշաբթի, 4 մարտ Կազայի մէջ զինադադար կը հաստատուի:

«Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականս (Ճէյք Սալիվըն, «Ա.») ինծի ըսաւ, որ մենք մօտ ենք: Մենք մօտ ենք, սակայն ատիկա տակաւին չէ կատարուած: Եւ ես յոյս ունիմ, որ մինչեւ յաջորդ երկուշաբթի պիտի ըլլայ զինադադար», ըսած էր Պայտըն` ի պատասխան զինադադարի բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին հարցումին:

Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ նշեց. «Սիոնականներն ու Միացեալ Նահանգները մարտի դաշտին մէջ պարտադրել չկրցածնին քաղաքականութեան դաւերու ճամբով պիտի չկարենան առնել»:

«Աշխարհը, մասնաւորաբար արաբական պետութիւնները, պէտք է դէմ դնեն այս թշնամիին եւ զայն զսպեն` զայն Ռաֆահ ներխուժելէ ետ կանգնեցնելու համար: Ինչպէս նաեւ պէտք է բոլորը նախաձեռնեն Կազան սովի մատնելու սադրանքը ձախողցնել», ըսաւ Հանիէ:

Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավարը նաեւ նշեց. «Բանակցութիւններուն մէջ մեր ժողովուրդի արիւնին նկատմամբ մեր նախանձախնդրութենէն բխած մեր ցուցաբերած որեւէ ճկունութեան դիմաց, զայն (ժողովուրդը, «Ա.») պաշտպանելու պատրաստութիւն գոյութիւն ունի»:

«Դիմադրութիւնը «Աքսայի ջրհեղեղ»-ին ձեռնարկեց այն պահուն, երբ թշնամին կը պատրաստուէր ոչնչացնելու պաղեստինեան դատը», ըսաւ Հանիէ` աւելցնելով. «Նուազագոյն բանը, որ Աքսայի մզկիթի եւ այլ սրբավայրերու մէջ մեզ կը բաւարարէ, միջազգային օրէնքին համաձայն գոյութիւն ունեցող իրավիճակի յարգումն է»:

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտնած է. «Նեթանիահուն պէտք է դադրեցնէ պատերազմը եւ կեդրոնանայ ծրագիրի մը վրայ, որ կ՛արտօնէ, որ իսրայէլեան բանակը հեռանայ Կազայէն եւ այդտեղ միջազգային ուժեր մուտք գործեն»:

Օլմերթ նաեւ յայտնած է. «Իսրայէլ ծանր հետեւանքներ պիտի դիմագրաւէ, եթէ Ռաֆահ ուժեր ուղարկէ»:

Պրազիլի Նախագահ.
«
Ողջակիզումի Մասին Չխօսեցայ»

Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա տա Սիլվա յայտնեց, որ Իսրայէլը Կազայի պատերազմի հարցով քննադատած ատեն Ողջակիզումի մասին չէ խօսած, եւ ատիկա Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի բացատրութիւնն էր:

Պրազիլի նախագահը «Ռետի Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ողջակիզում բառը չօգտագործեցի, Ողջակիզումը Իսրայէլի վարչապետին կողմէ օգտագործուած բացատրութիւն մըն էր, եւ անիկա իմ կողմէս չհնչեց»:

«Չէի սպասեր, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը հասկնայ ըսածս, որովհետեւ այդ քաղաքացին շատոնց կը ճանչնամ: Գիտեմ անոր գաղափարախօսութիւնը», աւելցուց ան:

Յիշեցնենք, որ Պրազիլի նախագահը 18 փետրուարին Իսրայէլը ամբաստանած էր Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով, ինչ որ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական տագնապ ստեղծած էր:

Իսրայէլի Տնտեսութեան Նախարար. «Արաբական Երկիրներուն Հետ
Առեւտրական Յարաբերութիւնները Կազայի Պատերազմէն Չազդուեցան»

Իսրայէլի տնտեսութեան նախարար Նիր Պարքաթ Ապու Տապիի մէջ Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան 13-րդ նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները չեն ազդուած Կազայի մէջ Իսրայէլի պատերազմէն, որուն գինը իր երկրին համար 42-էն 55 միլիառ տոլարի կրնայ հասնիլ:

Ան նշեց, որ առեւտրական յարաբերութիւններուն մէջ «որեւէ փոփոխութիւն չկայ»` աւելցնելով. «Հարցերը շատ կայուն են: Կը կարծեմ` ղեկավարները կը գիտակցին, թէ ունինք նոյն նպատակը` խաղաղ գործակցութիւնը»:

Ըստ Պարքաթի, պատերազմի գինը բան մը չէ, որուն Իսրայէլ չի կրնար տոկալ` աւելցնելով, որ Կազայի մէջ պատերազմը կրնայ Իսրայէլին օգնել իր զինուորական ճարտարագիտութեան արտածման մէջ` նշելով, որ շարք մը երկիրներու մօտ այդ ճարտարագիտութեան նկատմամբ «մեծ հետաքրքրութիւն» գոյութիւն ունի:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Չեն Պատրաստուիր Ուքրանիա Զօրքեր Ուղարկելու

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?