Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շոլց. «Ես Գերմանացի Զինուորները Ուքրանիա Պիտի Չուղարկեմ»

Մարտ 1, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց հաստատած է իր ղեկավարած կառավարութեան` գերմանացի զինուորներ զինուորական գործողութիւններու մասնակցելու համար Ուքրանիա ուղարկելու կտրուկ մերժումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն:

«Իբրեւ Գերմանիոյ վարչապետ` երբեք զինեալ ուժերու զինուորները Ուքրանիա պիտի չուղարկեմ», ըսած է Շոլց 28 փետրուարի գիշերը հրապարակուած տեսաուղերձի մը մէջ:

«ՕԹԱՆ-ը այս պատերազմի կողմերէն մէկը չէ եւ պիտի չըլլայ», յայտնած է Շոլց` նշելով, որ չ՛ուզեր, որ Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը «վերածուի Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ պատերազմի»:

Ան աւելցուցած է, որ այս հարցին մէջ Պերլինի դիրքորոշումն ու անոր դաշնակիցներուն դիրքորոշումները ճիշդ նոյնը չեն: «Իսկ ասիկա կը նշանակէ` Գերմանիան պատերազմի պիտի չմասնակցի», ընդգծած է Օլաֆ Շոլց:

Եւրոպան այժմ կը քննարկէ, թէ ի՛նչ կարելի է ընել Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին հակազդելու համար: Գերմանիան իր գործընկերներուն եւ դաշնակիցներուն հետ պիտի աւելցնէ Քիեւին աջակցութիւնը:

«Այս պահուս ուքրանական խիզախ բանակը զինամթերքի եւ զէնքի մեծագոյն կարիքը ունի, յատկապէս հակաօդային պաշտպանութեան համար», ըսած է Շոլց:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն 26 փետրուարին չէր բացառած, որ արեւմտեան զօրքեր կրնան Ուքրանիա ուղարկուիլ:

Միլլըր. «Ուաշինկթըն Մտադիր Չէ
Ուքրանիա Զօրքեր Ուղարկել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է, որ Ուաշինկթըն մտադիր չէ Ուքրանիա զօրքեր ուղարկել: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:

«Կը կարծեմ` այս մասին երէկ խօսած եմ այս ամպիոնէն, ուր հասկցուցած եմ, որ միւս երկիրները իրենք պիտի որոշեն իրենց ընելիքը: Բայց եւ այնպէս, նախագահ Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու անունով շատ յստակ ըսած է, որ մտադիր չէ Ուքրանիա զօրքեր ուղարկել:

«Ես երէկ վկայակոչեցի ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի մեկնաբանութիւնը, որ շատ յստակ հասկցուց, որ Ուքրանիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի զօրքեր պիտի չըլլան», ըսած է Միլլըր:

Փութին Կ՛արձագանգէ Մաքրոնին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դաշնակցային ժողովին ուղղուած տարեկան ուղերձին մէջ խօսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի այն յայտարարութեան մասին, թէ կարելի չէ արեւմտեան ուժերու ստորաբաժանումներ Ուքրանիա ուղարկելու կարելիութիւնը բացառել:

«Մենք կը յիշենք ճակատագիրը անոնց, որոնք ժամանակին իրենց զօրախումբը ուղարկեցին մեր երկիր: Սակայն հիմա հաւանական միջամտողներուն համար հետեւանքները շատ աւելի ողբերգական պիտի ըլլան: Անոնք, ի վերջոյ, պէտք է հասկնան, որ մենք ունինք զէնք, եւ իրենք գիտեն այդ մասին, ունինք զէնք, որ կրնայ հարուածել անոնց տարածքին մէջ եղած թիրախները», յայտարարած է Փութին:

Անոր համաձայն, այս բոլորը իսկապէս կը սպառնայ հիւլէական զէնքի օգտագործմամբ, ինչ որ պիտի յանգեցնէ քաղաքակրթութեան կործանման:

«Ինչո՞ւ անոնք ատիկա չեն հասկնար, անոնք մարդիկ են, որոնք դժուար փորձութիւններէ չեն անցած, արդէն մոռցած են, թէ պատերազմը ինչ է: Ահա մենք, նոյնիսկ մեր ներկայ սերունդը, նման դժուար փորձութիւններու մէջէն անցած ենք Կովկասի մէջ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ընթացքին: Հիմա ուքրանական տագնապի ծիրին մէջ նոյն բանը տեղի կ՛ունենայ: Իսկ անոնք կը կարծեն, թէ իրենց համար այս բոլորը շարժանկարներ են», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Ուշադիր Կը Հետեւին Մերձտնեսթրի Կացութեան»

Յաջորդը

Ալիեւ. «Ռուսիան Հիմա Լաւ Կը Հասկնայ, Թէ Ի՛նչ Կը Կատարուի, Եւ Կ՛ընդունի Նոր Իրողութիւնները. Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Պէտք Է Նոյնը Ընեն»

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?