Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռամատանէն Առաջ Կազայի Հարցով Համաձայնութիւն Գոյացնելու Աշխուժ Ջանքեր

Մարտ 4, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտական պատկերասփիւռի կայան մը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներէն, Քաթարէն եւ պաղեստինեան Համաս շարժումէն ներկայացուցիչներ երէկ հասած են Գահիրէ` Կազայի հարցին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու:

Պաղեստինեան շարժումի փոխնախագահ Խալիլ Հայէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Գահիրէ` Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցելու համար: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաղորդեց պաղեստինցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը` աւելցնելով, որ իրենք տակաւին սպասուող համաձայնութեան կնքման համար վերջին ճշդումները չեն կատարած, սակայն անոր մօտ են:

Համասէն ղեկավար աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Եթէ Իսրայէլ մեր պահանջներուն ընդառաջէ, ապա յառաջիկայ 24 կամ 48 ժամերուն համաձայնութիւն գոյացնելուն առջեւ ճամբան հարթուած կ՛ըլլայ»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնած են, որ Իսրայէլ որեւէ պատուիրակութիւն Գահիրէ պիտի չուղարկէ, եթէ ողջ եղող իսրայէլացի գերիներու ամբողջական անուանացանկը չստանայ:

Իսրայէլեան աղբիւրներ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնեցին. «Գահիրէ պատուիրակութիւն ուղարկելու պատճառ չկայ, որովհետեւ Համաս կառչած կը մնայ իր պահանջներուն»:

Պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումէն աղբիւր մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ. «Իսրայէլ դիտաւորեալ կերպով կը խոչընդոտէ Կազայի մէջ կացութեան հանդարտեցման բանակցութիւնները»:

Միացեալ Նահանգներ շաբաթ օր յայտարարած էին, որ Իսրայէլ սկզբունքով ընդունած է զինադադարի հաստատման առաջարկի կէտերը:

Միջնորդները ջանք կը թափեն 10 կամ 11 մարտին սկսող իսլամներու սրբազան ռամատան ամիսէն առաջ շուրջ 5 ամիսէ ի վեր շարունակուող պատերազմին մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնել:

ՄԱԿ–ի Ապահովութեան Խորհուրդը
Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց «տեղեկութիւններու նկատմամբ Կազա քաղաքի հարաւ-արեւմուտքի մէջ մարդասիրական օժանդակութեան կարաւանի շուրջ մեծ հաւաքի մը մաս կազմող աւելի քան 100 անձերու կեանքերու կորուստին եւ հարիւրաւոր ուրիշներու վիրաւորուելու դէպքի մը, որուն մասնակից եղած են իսրայէլեան ուժերը»:

Ապահովութեան խորհուրդի անդամները շաբաթ երեկոյեան իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ վերահաստատեցին. «Պէտք է տագնապներու բոլոր կողմերը յաւուր պատշաճի յարգեն միջազգային օրէնքը, ներառեալ միջազգային մարդասիրական օրէնքն ու մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնքը»:

Խորհուրդի անդամները նաեւ կոչ ուղղեցին` Կազայի քաղաքայինները հիմնական ծառայութիւններէ եւ անոնց գոյատեւման համար պէտք եղած մարդասիրական օժանդակութիւններէն զրկելէն ետ կանգնելու` միջազգային մարդասիրական օրէնքի համահունչ կերպով:

Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին, որ Կազայի 2,2 միլիոն բնակիչները սննդեղէնի անվտանգութեան սուր բացակայութեան խիստ մտահոգիչ մակարդակներ պիտի դիմագրաւեն:

Նշենք, որ շաբաթ օր Կազայի մէջ 15 երեխաներ մահացան` «սննդեղէնի եւ ջուրի պակասի պատճառով»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ շաբաթ օր սկսան զինուորական օդանաւերով սննդեղէն նետել Կազայի վրայ:

Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ 8 զոհեր արձանագրուած են, երբ քուէյթեան «Թաքուին» միութեան մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած բեռնակառքը իսրայէլեան ռմբակոծումի ենթարկած է:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախարարական ժողովը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումի շարունակման որեւէ պատրուակ կը մերժենք»: Ժողովը նաեւ յայտնեց. «Կազայի բնակիչները տեղահանելու իսրայէլեան որեւէ քայլ կտրուկ կերպով կը մերժենք:

Կանց Առանց Նեթանիահուի Արտօնութեան
Ուաշինկթըն Եւ Լոնտոն Կ՛սյցելէ

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ, Պետութեան ճամբար կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանցի միջեւ լարուածութիւնը խիստ բարձրացած է, երբ վերջինս ձեռնարկած է առանց վարչապետի «կանաչ լոյս»-ին Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն այցելելու:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» կը հաղորդէ, որ երկու քաղաքական գործիչներուն միջեւ տեղի ունեցած է բուռն վէճ մը, որուն ընթացքին Նեթանիահու ըսած է. «Իսրայէլ միայն մէկ վարչապետ ունի»:

Իսրայէլեան կառավարութիւնը նաեւ մերժած է ֆինանսաւորել Կանցի այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Մայք Հերցոկին հրամայած է չընկերակցիլ եւ չգործակցիլ Կանցի հետ:

Կանցի քայլը Իսրայէլի քաղաքական կեանքին մէջ բուռն բանավէճ յառաջացուց:

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ Կրնայ Ասատ-Էրտողան Հանդիպում Տեղի Ունենալ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?