Միացեալ Նահանգներ ուշադիր կը հետեւին Մերձտնեսթրի կացութեան այն բանէն ետք, երբ չճանչցուած մարզը օգնութեան համար դիմած է Ռուսիոյ: «Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
«Հաշուի առնելով Եւրոպայի մէջ Ռուսիոյ հետզհետէ աճող յարձակողական դերը` մենք ուշադիր կը հետեւինք Մերձտնեսթրի մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններուն եւ առհասարակ իրավիճակին», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Միլլըր` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ կը պաշտպանեն Մոլտովայի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած անոր սահմաններուն մէջ, եւ մենք կը շարունակենք Քիշնեւինու Թիրասփոլին միացեալ աշխատանքի եւ լուծումներու որոնման կոչ ուղղել Տնեսթրի երկու կողմերու համայնքներուն համար»:
Մերձտնեսթրի ռուսամէտ երեսփոխանները չորեքշաբթի օր «պաշտպանութեան» խնդրանքով դիմած են Ռուսիոյ, մեկնելով այն մտավախութիւններէն, որ տարածքը կրնայ Ուքրանիոյ հետ Մոսկուայի տագնապի մէջ լարուածութեան նոր օճախ դառնալ:
Մերձտնեսթրը Խորհրդային Միութեան փլուզման պահէն փաստացի կը վերահսկուի ռուսամէտ ուժերու կողմէ, սակայն այս շրջանը միջազգային մակարդակով կը նկատուի Մոլտովայի մաս:
Թրանստնեսթրի պատմութեան մէջ 7-րդը եղած յատուկ համագումարի ընթացքին չճանչցուած շրջանի երեսփոխանները որդեգրած են բանաձեւ մը, որուն մէջ Ռուսիոյ խորհրդարանէն խնդրած են Մերձտնեսթրը «պաշտպանել» Մոլտովայի ճնշումներէն: