Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Չեն Պատրաստուիր Ուքրանիա Զօրքեր Ուղարկելու

Փետրուար 29, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահի այն յայտարարութեան, թէ արեւմտեան զօրքերու Ուքրանիա ուղարկումը «չի բացառուիր», յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն պատրաստուիր Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու, ինչպէս այդ մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Ճօ Պայտըն:

«Իւրաքանչիւր երկիր ազատ է խօսիլ` իր սեփական շահերէն մեկնելով: Ի լրումն այն բանի, որ նախագահը յստակ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ կռուելու համար Ուքրանիա զօրքեր պիտի չուղարկէ, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը բացառած է, որ ՕԹԱՆ-ի զօրքերը Ուքրանիոյ մէջ պիտի կռուին», ըսած է Միլլըր լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ան միեւնոյն ժամանակ կրկնած է, որ այս պահուս Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը «ծայրայեղ լուրջ է», եւ առաջնագիծի վրայ զինուորները չունին անհրաժեշտ զինամթերքը ռուսական զօրքերուն դէմ կռուելու համար: Միլլըր Քոնկրեսին կրկին կոչ ուղղած է` հաստատելու անվտանգութեան աջակցութեան լրացուցիչ թղթածրարը, որ կը ներառէ Ուքրանիոյ 60 միլիառ տոլարի օգնութիւն:

Նշենք, որ Մաքրոնի յայտարարութենէն ետք Եւրոպական Միութեան, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ բազմաթիւ երկիրներ, ներառեալ Բրիտանիան, Գերմանիան, Իտալիան, Չեխիան, Սլովաքիան, Լեհաստանն ու Քանատան, բացառած են Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու կարելիութիւնը:

Վոլոտին. «Մաքրոն Կը Փորձէ
Համաշխարհային Գ. Պատերազմ Հրահրել»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն, փորձելով պահպանել իր իշխանութիւնը, աւելի լաւ բան չէ մտածած, քան փորձել համաշխարհային երրորդ պատերազմ հրահրել: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի ալիքի վրայ գրած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին` մեկնաբանելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Ուքրանիա արեւմտեան երկիրներու ցամաքային ուժեր ուղարկելու հաւանականութեան մասին յայտարարութիւնը:

«Մաքրոն կատարած է շարք մը ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ, ներառեալ Ուքրանիա ՕԹԱՆ-ի զօրքեր ուղարկելու կարելիութեան մասին, ինչ որ սարսափեցուցած է իր երկրի բնակիչները եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու ղեկավարները:

«Սեփական իշխանութիւնը պահպանելու համար Մաքրոն աւելի լաւ բան չէ մտածած, քան համաշխարհային երրորդ պատերազմը հրահրելը: Անոր նախաձեռնութիւնները վտանգաւոր կը դառնան Ֆրանսայի քաղաքացիներուն համար», նշած է Վոլոտին:

Տումայի նախագահը նաեւ Ֆրանսայի նախագահը համեմատած է Նափոլէոն Պոնափարթի հետ` աւելցնելով, որ «նման յայտարարութիւններ ընելէ առաջ Մաքրոն լաւ կ՛ընէ յիշել, թէ ատիկա ինչպիսի՛ աւարտ ունեցաւ Նափոլէոնի եւ անոր զինուորներուն համար, որոնցմէ աւելի քան 600 հազարը խոնաւ հողին մէջ պառկած մնացին»:

Սեժուռնէ. «Արեւմուտքցի Զինուորները Տեսականօրէն
Կրնան Մասնակցիլ
Ուքրանիոյ Մէջ Յատուկ Գործողութիւններու»

Արեւմուտքցի զինուորները տեսականօրէն կրնան մասնակցիլ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ «յատուկ գործողութիւններու»` առանց զինուորական գործողութիւններու մէջ ներգրաւուելու: Այս մասին «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի երեսփոխաններու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ստեֆան Սեժուռնէ:

Անոր համաձայն, անհրաժեշտ է «սերտել Ուքրանիոյ աջակցութեան նոր ձեւեր, որոնք կրնան ուղղուած ըլլալ որոշակի կարիքներուն»:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, նման կարիքները կրնան ներառել համացանցային պաշտպանութիւնը, Ուքրանիոյ մէջ զէնքի արտադրութիւնը եւ ականազերծումը:

«Որոշ պարագաներու նման գործողութիւնները կրնան պահանջել ուքրանական տարածքին մէջ (արեւմտեան զինուորներու, «Ա.») ներկայութիւն` առանց պատերազմին մասնակցելու շեմը անցնելու», նշած է Սեժուռնէ:

Ան նաեւ ըսած է, որ հաշուի առնելով ռուսական յարձակումները եւ այն ապակայունացումը, որ անոնք Եւրոպայի մէջ կը յառաջացնեն, «Ուքրանիոյ աջակցութիւնը պէտք է մեծնայ»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն 26 փետրուարին չէր բացառած, որ արեւմտեան զօրքեր կրնան Ուքրանիա ուղարկուիլ:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ բանակի  բանբեր Տմիթրի Լիխովոյ յայտարարեց, որ ուքրանական բանակը նահանջած է վերջերս ռուսական բանակի վերահսկողութեան տակ անցած Աւտիիվքա գիւղին մօտ գտնուող Սեւերնայէ եւ Սթեփովոյէ գիւղերէն:

 

 

Նախորդը

Թայքուանտօ. Ալեակ Սարգիս Ոսկի Մետալակիր` Պահրէյնի Մէջ

Յաջորդը

«Կազայի Մէջ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար Ժամանակի Դէմ Մրցում Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?