Պաքուի եւ Թիֆլիսի միջեւ զարգացող ռազմավարական փոխշահաւէտ գործընկերային յարաբերութիւնները կարեւոր գործօն են Հարաւային Կովկասի մէջ յառաջընթացին համար, ըստ ազրպէյճանական կողմին, Պաքուի մէջ յայտարարած են Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարներ Սամիր Շարիֆովն ու Լաշա Տարսալիան: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
20 մայիսին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու հերթական փուլը, քննարկուած են քաղաքական, առեւտրատնտեսական, ուժանիւթային փոխադրութեան, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ներկայ վիճակն ու զարգացման հեռանկարները:
Կողմերը ընդգծած են, որ երկու երկիրներուն միացեալ ջանքերով եւ մասնակցութեամբ իրականացուող ուժանիւթային եւ փոխադրամիջոցային նախագիծերը կը ծառայեն նաեւ շրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման:
Ազրպէյճանական կողմը կը նշէ, որ Շարիֆովն ու Տարսալիան միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ:
Կը նշուի, որ ազրպէյճանական կողմը նաեւ տեղեկութիւններ տուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Ազրպէյճանի ձեռնարկած քայլերուն մասին:
Թիֆլիսը բազմիցս յայտարարած է, որ հակառակ շրջանի բարդ կացութեան, Վրաստանը կը պաշտպանէ եւ կը գործադրէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն` ուղղուած շրջանին մէջ կայունութեան եւ երկարատեւ խաղաղութեան ձեռքբերման:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Իլիա Տարչիաշվիլի փետրուարին խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած էր, որ Վրաստան բազմիցս նպաստած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան` գործարկելով «Խաղաղ դրացնութիւն» նախաձեռնութիւնը:
Պաքուն ալ իր կարգին կը նշէր, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը Հարաւային Կովկասի մէջ նոր քաղաքական կացութիւն պիտի ստեղծէ եւ համագործակցութիւն պիտի հաստատէ Պաքու-Թիֆլիս-Երեւան ձեւաչափով: