Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց. «Մեծ տէրութիւններուն միջեւ ոչ աւանդական նոր տագնապները համաշխարհային համակարգը կը վտանգեն»:
«Պատմութիւնը փաստեց, որ բռնագրաւումին եւ անոր հետեւանքներուն գինը շատ աւելի մեծ է, քան այն շահը, որ բռնագրաւողը կ՛ակնկալէ», նշեց Քաթարի վարչապետը:
«Բռնագրաւման, բռնի տեղահանման եւ հաւաքական պատիժի քաղաքականութիւնը երբեք որեւէ տագնապի աւարտի չեն յանգեցուցած», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Քաթարը իր ամբողջ ջանքը թափեց միջնորդութեան ճամբով համաշխարհային խաղաղութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման նպաստելու»:


