Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յորդանանեան Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին. «Իրանի Ղեկավարութեամբ Յորդանան Զէնք Մաքսանենգելու Սադրանք Մը Ձախողութեան Մատնուեցաւ»

May 20, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանանեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Իրանի ղեկավարութեամբ Յորդանան զէնքեր մաքսանենգելու սադրանքը ձախողութեան մատնուեցաւ»:

«Սուրիոյ մէջ իրանամէտ զինեալ խմբաւորումներ փորձեցին Համասի զինեալ թեւին հետ կապ ունեցող Յորդանանի մէջ Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութեան պատկանող բջիջի մը համար զէնք մաքսանենգել», ըսած են աղբիւրները` աւելցնելով. «Թաքստոցը գրաւուեցաւ, երբ մարտի վերջաւորութեան ձերբակալուեցան բջիջին անդամները, որոնք պաղեստինեան ծագումով յորդանանցիներ են»:

Յորդանանեան աղբիւրները նշած են. «Դաւադրութեան նպատակը քայքայելն է կայունութիւնը Յորդանանի` պետութեան, ինչ որ կրնայ Կազայի տագնապին մէջ շրջանային բռնկումի կէտ ըլլալ, որովհետեւ ամերիկեան ռազմակայան կը հիւրընկալէ, սահմանակից է Իսրայէլին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքին, որոնք երկուքն ալ Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներուն բնակման վայրեր են»:

Աղբիւրները չեն նշած գրաւուած զէնքերուն տիպը` հակառակ նշելնուն, թէ ապահովական մարմինները վերջին ամիսներուն գրաւած են «Քլիմոր» ականներ, «Սի. 4» պայթուցիկ նիւթեր, «Սիմթեքս», «Քլաշինքով», 107 միլիմեթրնոց «Քաթիուշա»-ներ եւ հրթիռներ:

Իսլամ եղբայրներու բարձրաստիճան անդամ մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ բջիջի անդամները զինուորագրուած են Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինեան խմբաւորումներու գործողութիւններու պատասխանատու, Համասի ղեկավար Սալեհ Արուրիի կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Սալեհ Արուրին սպաննուեցաւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումի մը պատճառով:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Դժուարութեամբ Յաղթեց Սանթրալին, Այսօր Կը Մրցի Պէյրութի Դէմ

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգն Ու Սալիվըն Քննարկած Են Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Համաձայնութիւններու «Գրեթէ Վերջնական» Տարբերակը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.